Հիլտա Գալֆայեան։Սփիւռք
Կարօտներէս դարաւոր ու իղձերէս
Զաւակ մը ծնայ
Անունն օտար դրի
Քանի կարօտն ինչ է չի գիտեր
Նախնիքներուս վէրքերէն ու արիւնէն
Զաւակ մը ծնայ
Անունը ցաւ դրի
Քանի նախնիքն ով է չի ճանչնար
Հայրենի ծագերէ բերուած շունչով
Զաւակ մը ծնայ
Անունն անբախտ դրի
Քանի հայրենիքն ինչ է չի գիտեր
Մեսրոպակերտ տառերով -- հրաշալի
Զաւակ մը ծնայ
Անունը որբ դրի
Քանի հայ գիրն ինչ է չի ճանչնար
Վերազարթումի բիւր փորձերէս
Զաւակ մը ծնայ
Անունը զոհ դրի
Քանի ամէն վերյառնումին հարուած կերաւ սմքեցաւ
Ախ, զաւակ մը ծնայ
Որ հաւատքն ինչ պայքարն ինչ է
Գոյատեւումն ինչ է չի գիտեր։
Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը Գրականութիւն, Հատոր Բ, 1920-1980
No comments:
Post a Comment