Showing posts with label Kourken Trents. Show all posts
Showing posts with label Kourken Trents. Show all posts

Monday, July 13, 2009

ԳՈՒՐԳԷՆ ԹՐԵՆՑ։ ԳԵՂԵՑԻԿԸ

Գեղեցիկ է ան որ ժպիտ ունի,
Ծիծաղը՝ կարկաչ, ձայնը գեղեցիկ
Նայուածքը քաղցրիկ որպէս եղնկի,
Շունչը՝ մեղմածուփ հով մը պարանցիկ:

Գեղեցիկ է ան զոր կը սիրեմ ես,
Սիրտս ամէնուն հաւասար է բաց,
Որ գան ծաղկիլ հոն թարմ, խնդումերես,
Անկիւն մը կայ դեռ ոչ մէկը հպած...

Monday, June 29, 2009

ԳՈՒՐԳԷՆ ԹՐԵՆՑ։ Անի քաղաքը

Սուրբ է ամէն քարն անոր,
Ժամու խաչ-քար՝ համբուրէ՛,
«Հայր Մեր»ի պէս ամէն օր
Մրմնջէ՛ զայն, խունկ բուրէ։

Ամէն քարին տակ անոր
Հայ քրտինքն է շաղախած,
Օծուէ անով ամէն օր
Միւռոնի պէս սրբացած…։


ԳՈՒՐԳԷՆ ԹՐԵՆՑ (Գուրգէն Թուր-Սարգիսեան, 1888-1972)