Showing posts with label Syria. Show all posts
Showing posts with label Syria. Show all posts

Sunday, November 19, 2023

Թորոս ԹՈՐԱՆԵԱՆ։ ԶԱՀՐԱՏԻՆ


Ուշ աշնան քամին ծառերը սանտրեց
Ու մէկ-մէկ խլեց տերեւներն ամէն,
Աշունը ահա մազերս ներկեց
Լոյս-սպիտակով խաբել զիս կարծեց…

Գարնան հետ քիչ ետք ծառերը բոլոր
Կը ծաղկին դարձեալ հարսնեւորի պէս,
Բայց ծաղկումիս իմ կայծը քիչ առ քիչ
Կ’աղօտի աւա՜ղ, արեւմարն ինչպէս…

Բայց գիտեմ աշնան ու ձմրան դէմ ալ
Կուրծք տալ քաջաբար երգերով իմ խեռ,
Որոնք պիտ ընդմիշտ սէրերս տանին
Յոգնած բայց յամառ դարերուն անմեռ…

Ու պիտի դարձեալ արեւծագի պէս
Ողողէ լոյսով աշխարհը համայն.
Ու գիտեմ՝ գիտեն բոլորը արդէն
Որ սկիզբ ունիմ բայց չունիմ վախճան:


Monday, June 08, 2020

Harvart's contribution to our Call for Poems on the topic of epidemics, illness, medicine, death and healing

Յարվարդ, (Յարութ Վարդանեան) Հալէպ, Սուրիա

Harvart (Harout Vartanian) has shared this original work. APP thanks him. 



ԱՊԱՄԵԿՈՒՍԱՑՈՒՄ ՓԱԿ ԱՉՔԵՐՈՎ

___Յատուկ օրացոյց մը կայ՝ որուն թերթիկները միայն սիրտը կը տեսնէ՝ երրորդ աչքով. երբ որ օրերը կոչուին Նոյնշաբթի՝ մեկուսացման քառասունքին։

___Անթուակիր ժամացոյց մը կայ բոլորիս մէջ. զգացական սլաք մ՚ունի որ ճգնաժամի գալուն պէս գաղտնօրէն կ՚աշխատի. հեռուի սրտին թիքթաքը լսել կու տայ։



Յարվարդ
18.04.2020
Քառանթին ֊ Երեւան

Friday, February 02, 2018

Մարուշ Երամեան։ ՏՕՆ

Կը հանես զիս խորքերէս
ինչպէս խեցի
խցուած ձայնով ալիքի

արիւնս իր հատիկներէն
կը լուաս
եւ լոյսին դէմ կը բռնես
աղուորութիւնը արեւին տեսնելու

նախատօնակ
կը բարձրանամ ցաւի հզօր մատներէն
մինչեւ քեզ

եւ թափանցիկ արիւնիս մէջ
քեզ կրած
ցաւատօնակ այդ օրը նոր
կը ծնիմ


 Մարուշ Երամեան, XX ԴԱՐԻ ՀԱՅ ՊՈԵԶԻԱ, Երեվան 2005

Monday, January 15, 2018

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ: ԱՆՁՐԵՒԸ

Անձրեւը նոյնն է,
ընկալումը՝ տարբեր:
Յորդառատ անձրեւին տակ
ամեն կողմ թափթաց է:
Այդ անձրեւոտ երկնքին տակ,
մարդ կայ՝ թախիծով համակուած,
մարդ ալ կայ՝ հրճուանքով:
Այն մարդը, որ թախիծով կը համակուի՝
մռայլ տրամադրութեամբ կը պարուրուի,
անձեռնհաս ու անգործունեայ
կը սեղմուի իր պատեանին մէջ
եւ պայծառ օրերու յիշողութեամբ
ու կարօտի զգացումով,
անհամբեր կը սպասէ
վառ արեգակնային օրերուն:
Իսկ այն անձը, որ հրճուանք կ՚ապրի՝
ի տես անձրեւային ամպոտ երկնքին,
առանց կաշկանդումի կը շարունակէ իր ուղին,
որովհետեւ օրհնութիւն կը համարէ
երկինքէն տեղացող իւրաքանչիւր կաթիլ
եւ կը հաւատայ, թէ ՝
ի՜նչ ծիածան առանց անձրեւի…:

Անձրեւը իր կարգին կը շլմորի.
իրմէ արցո՞ւնք, թէ շնորհքն է որ կը ծորի…:


Sunday, January 14, 2018

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ: ԵՐԿԻՐԸ ԵՐԿԻՐ (Չ)Է

«Դրամ չկայ»,
«Փող չկայ»,
«Էս՝ կեանք չի».
յետոյ ալ՝
«Էս երկիրը երկիր չի».
կրկնեցին
Հա կրկնեցին:
Գոց եղանք,
կշտացանք,
յագեցանք
նեղացանք
հիասթափեցանք.
—Օ՜ ուրեմն այն չէ, ինչ որ լսած էի,
այն չէ, ի՜նչով մեծցած էի…
խաբուա՞ծ էի…

Ամառ.
զբօսաշրջիկներ,
ծանօթներ՝
Հոսկէ-հոնկէ.

«Չկարծես որ մեր քովը դիւրին է»,
ըսաւ ֆրանսահայը.
«Գիշեր ցերեկ կ՚աշխատինք,
հազիւ հազ կը հասնինք»:

«Օ՜… ի՛նչ շուտ վերջացան զբօսաշրջիկութեան օրերս
Հիմա ետ պիտ՚ դառնանք մեր իշու կեանքին»,
ըսաւ ուրիշ սփիւռքահայ մը:

«Մենք ալ վարձք ունինք,
Տուն ունենալը այդքան ալ էական չէ, այլեւս»,
յորդորեց ուրիշ մը:

«Նիւթական դժուարութիւնը երբե՛ք պիտի չտկարացնէ ձեզ:
Նիւթական նեղ պայմաններու մէջ կը ծնին հանճարներ»,
զրոյցի ընթացքին ըսաւ այցի եկած սփիւռքահայ գրողը:

«Էս երկիրը երկիր չի»
Դեռ կը կրկնեն, հա՛ կը կրկնեն
ՉԵՄ ԼՍԵՐ.
կ՚ողջագուրեմ Զինք.
Ինք՝ հիւանդ.
Ես՝ անկար:



Introducing Sosy Mishoyan Dabbaghian

Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան շրջանաւարտ եղած է Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանէն. աւարտած է Հալէպի պետական համալսարանի անգլերէն գրականութեան բաժանմունքը, աւարտած է նաեւ «Համազգային»ի հայագիտականի քառամեայ դասընթացքները: Եղած է հայերէնաւանդ ուսուցչուհի նախ Ազգ. Հայկազեան վարժարանի, ապա Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանին մէջ: Պատերազմին պատճառով կը գտնուի Հայաստան, ուր վերջերս Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան համալսարանէն Հայոց լեզուի եւ գրականութեան մագիստրոսական աստիճան ստացաւ:

Wednesday, July 20, 2016

ՅԱԿՈԲ ՆԱԼՊԱՆՏ ՏԼՏԼԵԱՆ։ ՀԱԼԷՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

-5-
Այս ալ տեսայ
Ապրեցայ
Շնչեցի բջիջ առ բջիջ
Թէ ինչպէ՞ս
Որոտը ռումբերու
Ահազանգն անապահովութեան
Կրծեցին ու յօշոտեցին
Երեւակայութեանս հորիզոններն
Եւ բռնաբարեցին
Ներշնչանքիս հրեշտակները
Զիս վերածելով
Ամուլ եւ steril
Ճեփ-ճերմակ թուղթի առաջ
Մարտնչող
Բայց պարտուող բանաստեղծի մը
Ինչպէս արեան սպիտակ հոսքերուն դէմ
Անզօր անյոյս մաքառող
Leukemia-ով տառապող
Սափրուած գլուխներով մանուկներու
Հալէպ ախ Հալէպ
Գոյութեան երակներուս մէջ
Ե՞րբ պիտի ներարկես
Վերակենդանացման թափանցիկ plasma-ն
Եւ կաս-կարմիր արիւնը
Բոսորագոյն յարութեան

Հալէպ ախ Հալէպ:

ՅԱԿՈԲ ՆԱԼՊԱՆՏ ՏԼՏԼԵԱՆ
ՀԱԼԷՊ


kantsasar.com

Thursday, January 14, 2016

Տիգրան Գաբոյեան։ Յարութ Կոստանդեանին…

Ֆրանսահայ իսկական բանաստեղծ մը

Յարութ Կոստանդեանին…
                    Բանաստեղծութեամբ…


Հեռուն մշուշի մէջ լեռ մը։ Լերան վրայ մարդ մը,
Ուսերուն գլուխ մը։ Գանկոսկրին մէջ հազար հարցեր։
Զինք չեմ նշմարեր, լոկ կ՛ուրուագծեմ։
Կողքս փոքրիկ մը գնդակ կը խաղար։
Մօտս դեռեւս հարիւրաւոր հարցեր, որոնց գերի գլուխ մը։ Գլխին յենուած մարմին մը։ Մարմնին մէջ հսկայ լեռ մը, որ շրջապատուած է մշուշամաշկով, որը լոկ կ՛ուրուագծուի ուրիշներու կողմէն։
Կողքս փոքրիկ մը կու մար։ Գնդակը չկար։
Լեռները ինչքան մինակ են… մինակ

10.99 Հալէպ






Wednesday, January 13, 2016

Յակոբ Նալպանտ։ [Որոտը ռումբերու, ահազանգն անապահովութեան]

Որոտը ռումբերու, ահազանգն անապահովութեան
Կրծեց ու յօշոտեց
Երեւակայութեանս հորիզոնը:
Ես վերածուեցայ
Ամուլ եւ steril
Ճեփ- ճերմակ թղթի առաջ
Մարտնչող
Բայց պարտուող բանաստեղծի,
Ինչպէս արեան սպիտակ հոսքերուն դիմաց
Անզօր անյոյս մաքառող
leukemia-ով տառապող մարդու։

Tuesday, January 12, 2016

Կարօ Յ Արսլանեան։ Փալմիրայի Զենոբիային

Կ՛անցնիմ արագ, այնքան արագ, ուր չկայ դարձ դէպի քեզ,
Կ՛երթամ դէպի երազները, ուր չկաս դուն ոչ ալ ես,
Կ՛երթամ մինակ ես գրկելու Աստուծոյ սէրը սրբակէզ.
Կ՛երթամ յոյսով, նոր հաւատքով վերաբորբոք նոր կեանքով։

Կը հաւատամ, որ նոր գործով պիտի ծաղկին նոր կեանքեր
Ու հաստատուն հպումներով վերստեղծեմ քեզ կրկին,
Անուշ հոգուդ թռիչքներուն դառնալ երկինք մը կապոյտ.
Քու հետ զարթնիլ ամէն օր, թէկուզ քու հետ մթագնել։

Թոյլ տո՛ւր, անհաս ճամբաներս հանգչին ներքեւն ծունկերուդ
Իմ կիսաւարտ հատորս ամբողջացնեմ քեզի հետ,
Թոյլ տո՛ւր, վերջին անգամ ես վանեմ կասկածը սրտէս,
Քու ժպիտով սկրտուած վերադառնամ կրկին քեզ։


Կարօ Յ Արսլանեան, Փալմիրա 6/2/2004
Լոյս տեսած է ԵՐԹ Սուրիահայ Տարեգիրքին մէջ, Հալէպ 2005

Tuesday, August 26, 2014

Թորոս Թորանեան: ԵՍ


Արմատէն փրցուած
Ծառ մըն եմ այսօր
Ծառ մըն եմ տարատունկ,
Ահա թէ ինչո՛ւ
Ուր ալ գտնուիմ`
Հողերու վրայ
Բերրի, աւազուտ,
Անտառի մէջ իսկ
Կամ շէնքերու մէջ
Երկնաքեռ ու լուրթ
Կը ձգտիմ հողիս
Արմատիս ջերմուկ:

Wednesday, December 05, 2012

Սարգիս Ք. Խաչերեան։ Ամէն

Ամէն


տաճար
մեծմօրս մտած ամէն տուն

առասպել
մեծհօրս սպառած ամէն ծխախոտ

երկինք
մօրս քալած ամէն տեղ

գաղտնիք
հօրս տուն վերադարձած ամէն օր

սիրերգ
քրոջս սրբած ամէն փեղկ

յաղթանակ
եղբօրս պրկած ամէն ջիղ

հրաշք
կնոջս պատրաստած ամէն սուրճ

բանաստեղծ
ձախիս հպած ամէն գրիչ

2011

Երգեր Ոսկելար Քնարիս գիրքիս մէջ Անթիլիաս-2011

Monday, September 24, 2012

Յարվարդ: AURORA BOREALIS

Էսքիմուհին անապատի աւազ կերազէ
Գալահարիի սեւամորթն ալ Հիւսիսային բեւեռ

Կեանքը կը դադրի նպատակ ըլլալէ
Կեանքը կը դադրի նպատակ ըլլալէ

Երբ Էսքիմուհին Գալահարի անապատը այցելէ
Սեւամորթն ալ բեւեռի գիշերափայլքը տեսնէ

Հալէպ 16.6.97

Saturday, October 22, 2011

Յարվարդ - Սիրտերու միջեւ

Click here to view a video based on Harvart's poem Between Hearts.

Sunday, May 22, 2011

Book event in Aleppo, Syria

Thursday, March 31, 2011

Quote for the month of March


բառին մղձաւանջը

երբ թանաքը սպառի

Սարգիս Ք. Խաչերեան

Sunday, March 06, 2011

Սարգիս Ք. Խաչերեան: հաւասար


աշխարհիս մէջ
երկու բան կայ հաւասար
դուն ու բառը

երբ դուն կշռես բառէն սուղ
այն ժամանակ ծ
                           անրութեանդ տակ                                
պիտի ընկճուի բառը
պիտի փշրուի ու ոչնչանայ

իսկ երբ բառը ըլլայ քեզմէ սուղ
այն ժամանակ
պիտի կորսուիս դուն բառին մէջ
ու չգանաս

մինչ ես
փրկելու համար թէ քեզ թէ բառը
դուն ու բառը պէտք է ըլլաք     
հաւասար




Սարգիս Ք. Խաչերեան
«ԵՐԳԵՐ ՈՍԿԵԼԱՐ ՔՆԱՐԻՍ»   անտիպ 

Saturday, March 05, 2011

Սարգիս Ք. Խաչերեան: ես բանաստեղծ եմ


ես
ձեր անցած ուղիներէն չեմ անցնիր
նոր ուղի մը կը բանամ

առաստաղը մերժող սենեակ մըն եմ ես

կրիայի մը աչքերով չեմ դիտեր ժամանակը

սեւ օրէնքներուն
մութ հ                                ռափն եմ ես
            ո                          ա
               սանքներուն թ

գիտցէք
թէ փոքրամասնիկ մը չեմ ես
ես բանաստեղծ եմ
բառերը ինծմէ իմաստ կը մուրան



Սարգիս Ք. Խաչերեան
«ԵՐԳԵՐ ՈՍԿԵԼԱՐ ՔՆԱՐԻՍ»   անտիպ 


Friday, March 04, 2011

Սարգիս Ք. Խաչերեան: փախուստ


այս օրերուս
ո՞րն է պատահելիք ամենավատ արկածը
հիւլէական ռումբի մը պայթումը
արեւային յաւիտենական խաւարումը
թէ կէս գիշերին
բանաստեղծի մը միտքէն
բառին փ ա  խ   ո    ւ     ս      տ  տալը

կնոջս հարցուցէք









Սարգիս Ք. Խաչերեան
«ԵՐԳԵՐ ՈՍԿԵԼԱՐ ՔՆԱՐԻՍ»   անտիպ 

Thursday, March 03, 2011

Սարգիս Ք. Խաչերեան: ձերբակալութիւն


գիշերով եկան
բառը ձերբակալեցին

մինչ բառը խայծ մըն էր լոկ

իսկ խայծին մեղքն ի՞նչ է
երբ բանաստեղծը ինքը
անձնասպան կ'ըլլայ
կ
ա
ր      ին  վրայ
    թ




Սարգիս Ք. Խաչերեան
«ԵՐԳԵՐ ՈՍԿԵԼԱՐ ՔՆԱՐԻՍ»   անտիպ