Showing posts with label Irma Ajemian. Show all posts
Showing posts with label Irma Ajemian. Show all posts

Thursday, November 28, 2024

Իրմա Աճէմեան: ՄՈՄԵՐՈԻ ՏԱԿ

Այն օրը երբ լեռները ձոր, ձորերը լեռ կը դառնան.

Այն օրը երբ գարնան սիւքը սառ կը կտրի իր վրայ,

Այն օրը երբ ամէն էակ իր պատեանը կը պատռէ,

Այն օրը երբ մանուկները երջանկութեամբ կը խայտան,

Այն օրը երբ ձեր մեծ մայրը հիւսքը ձգած կը խորհի,

Այն օրը երբ պատուաւորը անպատիւէն կը զատուի,

Ու դուն ինչպէս անցեալին մէջ ապագային ալ լման,

Միսէն կտոր, սրտէս աւիշ ու մատներէս գուրգուրանք,

Եւ սւչքերէս ողջ աշխարհը նայուածքով մը կը գողնաս՝ 

Ես կը թողում իմ աշխարհս ջուրերու պէս միալար,

Ես կը թողում իմ օրերս լեոներու ղէմ ձիւնապանծ

Ու կը սկսիմ իմ պայքարիս՝ լոկ մարդկութեան նահատակ.

Ու կը սկսիմ տէր դառնալու ստացուածքիս գողցուած,

Հոն մոռցուած հին ցաւերուս դէմ մոմ մը վառելով 

Կաթիլ-կաթիլ ես կը հալիմ 

Հագար մոմի լոյսին տակ դեղնոտած։



«Գեղարղ» Սուրիահայ տարեգիրք

Գ. գիրք, Հալէպ, 1985


Thursday, June 12, 2014

Իրմա Աճէմեան: Կ՚ԱՆՁՐԵՒԷ


Կայծակները ուղեղիս մէջ փայլ կ՚արձակեն մանկութեան
Որոտում մը ատկէ յետոյ կը ծաւալի ամէն կողմ
Պատանութեան միապաղաղ զով ջուրերը կը տեսնեմ
Կը փնտռեմ այն քարերը կոխկռտուած տարիներ
Կը խարխափեմ այն դռները որոնց ետեւ ծներ եմ
Սիրտս կ՚իյնայ կը փշրուի իւրաքանչիւր մայթի քով
Հին օրերը ժպիտ կ՚ըլլան արցունքոտած այտերէ
Որոտումի՝ լաւ որ յաճախ՝ ձայնը ինծի չի հասնիր
Ու ես կ՚երթամ նոր փողոցներ որոնք երբեք իմս չեն...


22.7.1973

Wednesday, June 11, 2014

Իրմա Աճէմեան: ՄՇՈՒՇԻՆ ՄԷՋ

Օրեր կ՚անցնին դարձեալ ինծի՝

դարձեալ ինծի նոյն, անտարբեր
ցուրտը սիրտս, ցուրտը միսս
կը պարուրէ չեմ գիտեր երբ
դուն քու սիրով
եթէ գաս ներս
դարձեալ ինծի, դարձեալ ես զիս
ու ահաւոր, անդրդուելի
լերկ կեանքին հետ...

Չեմ գիտեր երբ, չեմ գիտեր ուր եւ կամ որմէ
կը հեռանամ ու կը փախչիմ
կու գամ օտար լուռ, ձեռնածալ
կորաքամակ կամ ծնրադիր
քու դէմդ երբ
քու դէմդ միշտ
կը նահանջեմ չեմ գիտեր երբ
չեմ գիտեր ուր եւ որքան օր
եւ աշխարհի մրրկայոյզ ձմեռուան դէմ
կը խարխափեմ ու ղօղանջներ
աչքերէս ներս եւ ուղեղիս բջիջներէն
կաթիլ կաթիլ, ծուէն ծուէն
վեր կը կանգնին:

Յոյսս քեզի, չեմ գիտեր երբ եւ կամ որու
բարեւ բերեմ հեռուներէն,
կամ տարիներ քեզմով լեցուն,
քնար կեանքի, տաւիղ անզէն,
կամ ես դարձեալ այս ամբոխէն,
այս ամբոխէն անգիտակից
միջակէտի չափ աննշմար
պատառ պատառ կը հեռանամ,
կը կորնչիմ, կը պզտիկնամ
կեանքին ետեւ, մշուշին մէջ:


22.1.1969

Tuesday, August 31, 2010

Իրմա Աճեմեան։Բայց

Բայց հիմա որ պատուհանէս կիսաբաց
Գաղտնագողի ես գարունը կը դիտեմ
Ու կը տեսնեմ թէ նշենին է ծաղկեր
Հազար սրտեր դաշտի խոտին պէս խոնաւ
Կանանչ հագած, յոյս ամբարած կ՛ոստոստեն --
Ինչպէ՜ս կրնամ ես լուռ մնալ ու չերգել…

10.3.1962

Sunday, March 08, 2009

Իրմա Աճեմեան։ Նկարը

Click here to hear the audio clip The Painting read by Lola Koundakjian. 


Էրօլ Սարաֆեանին 

 I. ԱՆ ՈՐ ԿԸ ՆԿԱՐԷ 

 Սենեակ մը ուր ամէն բան անշարժութեամբ քարացած 
Առարկաներ իրենք իրենց աշխարհներուն խորերը 
Պաստառ մը լերկ ու պրկուած միատարր 
Լոյսի մութի յաւերժական այդ նոյն խաղին ակնդէտ 

Դուն կը նստիս ու կը շնչես առանձին 
Դուն կը գծես ու անհամբեր կը սպասես 
Դուն կը կենաս, կը մտածես, կը ներկես 
Կեանքի մահուան սահմանները ճեղքելով 

 Յետոյ պահ մը լուռ կը մնաս, նման սառած սենեակիդ. 
Կ՛անշարժանաս նոր կեանքի մը ծիլերուն դէմ անբարբառ՝ 
Երբ կը տեսնես օտարոտի՝ քու սենեակիդ ստուերներէն ամպամած 
Երկու աչքեր լուսաճաճանչ պաստառէն դուրս կը ժպտին… 

 Այս այն պահն է ուր ամէն բան իր լրումին հասած է … 

 II. ԱՆ ՈՐ ԿԸ ՆԿԱՐՈՒԻ 

 Եթէ նոյնիսկ նստիլ չուզես թիկնաթոռին անշարժութեան մէջը դուն 
Քու գիծերդ խառնաշփոթ կ՛երթան մխուիլ պաստառի մը խորութեան մէջ ակամայ 
Քու գոյներդ - լոյսէ անդին - ոլորտներու եզերքներէն սողալով 
Յանկարծ կ՛իյնան մատներու տակ յարաշարժ, 
Մտածումներդ այնքան գաղտնի, աչքերէդ դուրս լուսարձակի ուղղութեանբ 
Կ՛երթան զօդուիլ աչքերու հետ կիսաբախ՝ 
Որոնք դէմքիդ բջիջներուն տակ թաքուն -- միս ոսկորդ կը ճեղքեն 
Ու վրձիններ իրարու հետ, իրարու քով կը վազեն 
Երեք լայնքով տարածութիւնդ անգթօրէն մակերեսի վերածած 
Կը հարուածեն կամ կը շոյեն պաստառի մը ողորկ ու լերկ երեսը 

Քեզմէ անդին դուն կը շինուիս 
Քեզմէ անկախ դուն կը խորհիս 
Քեզմէ հեռու դուն կը շնչես 
Ամբողջութիւնդ կը հեռանայ, կը նօսրանայ հետզհետէ 
Ձեռքերովդ որքան կառչիս 
Աչքերովդ որքան գոցուիս 
Ալ դուն դուն չես, դուն քեզմէ դուրս 
Ուրիշի մը մատներուն տակ կը ծնիս… 

16.2.1974 « Տալ Միայն» Իսթանպուլ 1975

Sunday, March 01, 2009

Իրմա Աճեմեան։ Անձրեւին Միջոցին

Click here to hear the audio clip Raining read by Lola Koundakjian.

Ի՜նչ աղուոր է ուրախ ըլլալ
Ու չտխրիլ անձրեւով
Կամ չխորհիլ թէ ալ կրնայ
Արցունքի ալ նմանիլ…

Ի՜նչ աղուոր է խորը հոգւոյդ
Բորբ արեւ մը ունենալ
Մինչ ձեռքերդ վերմակին տակ
Պաղութենէ կը սառին…

Ի՜նչ աղուոր է աչքերուդ մէջ
Ծիծաղներով արթննալ
Ապակիին վրայէն երբ
Կաթիլները կը սահին…

Ի՜նչ աղուոր է երջանկութիւնն երգել անձայն
Մինչ հովն անդին
Տերեւներու ողբին նման
Միսմինակը կը գոռայ…

Ի՜նչ աղուոր է գիտնալ ասոնք
Զգալ կեանքը կուրծքիդ տակ
Եւ մանաւանդ հաւատալ թէ
Ամպերուն տակ երկինք մը կայ անպայման։

Ի՜նչ աղուոր է երբ մարդ կրնայ
Երջանկութիւնն այսպէս բաժնել
Բոլորին հետ հաւասար

Եւ վերջապէս սրտովն ըսել բոլորին
Թէ աղուոր է ուրախ ըլլալ
Ու չտխրիլ անձրեւով։

24.11.1962


« Տալ Միայն» Իսթանպուլ 1975

Sunday, February 22, 2009

Իրմա Աճեմեան։ Հեռաձայնը

Click here to hear the audio clip The Telephone read by Lola Koundakjian.


Կը դիտէ
Հեռաձայնը զիս կը դիտէ
Հեռաձայնը զիս կը դիտէ ակնդէտ
Սեւ աչքերը քու աչքերուդ կը նմանին…

Կը սպասեմ
Քեզ կը սպասեմ ես անհամբեր
Քեզ կը սպասեմ ես անհամբեր ժամերով
Սեւ ժամերը օրեր կ՛ըլլան կ՛երկարին…

Կը մնայ
Հեռաձայնը լուռ կը մնայ
Հեռաձայնը լուռ կը մնայ անբարբառ
Մինչ սեւ բառեր կը կուտակուին մտքիս մէջ…

Կը տանի
Սրտիս զարկը կը տանի զիս
Սրտիս զարկը կը տանի զիս գործիքին
Սեւ գործիքը հոգւոյս վրայ կը ճնշէ…

Անշարժ է
Հեռաձայնը անշարժ է դեռ
Հեռաձայնը անշարժ է դեռ կը քրքջայ
Սեւ քրքիջը կը տարածուի, կ՛ընդլայնի…

Կը դողան
Մինչ ձեռքերս կը դողան
Մինչ ձեռքերս կը դողդղան անոր դէմ
Սեւ դէմքին պէս սեւ շրթունքներ, ականջներ…

Կը դիտէ
Հեռաձայնը զիս կը դիտէ
Հեռաձայնը զիս կը դիտէ ակնդէտ
Սեւ աչքերը քու աչքերուդ կը նմանին…



4.4.1960

Իրմա Աճեմեան, « Տալ Միայն» Իսթանպուլ 1975


Irma Ajemian: The Telephone


It watches
The telephone watches me
The telephone watches me intently
Its black eyes resemble yours…

I wait
I wait for you impatiently
I wait for you impatiently for hours,
The black hours become days, they drag on…

It stays
The telephone stays silent
The telephone stays dead silent
While black words pile up in my mind…

It moves
My heartbeat moves me
My heartbeat moves me to the instrument
The black instrument lays heavily on my soul…

It is motionless
The telephone is still motionless
The telephone is still motionless, it giggles
The black giggle spreads, it grows…

They shake
While my hands shake
While my hands shake towards it
The black face similar to the black lips, ears…

It watches
The telephone watches me
The telephone watches me intently
Its black eyes resemble yours…


Translated by Lola Koundakjian

Wednesday, February 18, 2009

Իրմա Աճեմեան։ Տալ Միայն

Տալ տալ միայն, գրել, պատռել էջերը
Լափել, ուտել տողերու մէջ թաքնուած
Հազար իմաստ, հազար աղօթք Աստուծոյ,
Լռել սակայն ու չարտօնել ոչ ոքի
Թքնել խորը այս անիմաստ աշխարհին
Հարուստին ալ ոսկիներու ծոցը մերկ
Դահեկան մը երկարելով մեղքնալ։
Ըլլալ սակայն, զգալ միայն ու ապրիլ
Ծովեզերքին աղօթքներու երկարիլ,
Լերան ծոցէն ամպին իշխել, չընկրկիլ,
Լեցուիլ սիրով, նուիրումով սրբանալ
Տալ տալ երկար, գրել, պատռել էջերը…

10.10.1971




Իրմա Աճեմեան 1936-1990
« Տալ Միայն» Իսթանպուլ 1975