Իրմա Աճէմեան: ՄՇՈՒՇԻՆ ՄԷՋ
Օրեր կ՚անցնին
դարձեալ ինծի՝
դարձեալ ինծի
նոյն, անտարբեր
ցուրտը սիրտս,
ցուրտը միսս
կը պարուրէ
չեմ գիտեր
երբ
դուն քու
սիրով
եթէ գաս
ներս
դարձեալ ինծի,
դարձեալ ես
զիս
ու ահաւոր,
անդրդուելի
լերկ կեանքին
հետ...
Չեմ գիտեր
երբ, չեմ
գիտեր ուր
եւ կամ
որմէ
կը հեռանամ
ու կը
փախչիմ
կու գամ
օտար լուռ,
ձեռնածալ
կորաքամակ կամ
ծնրադիր
քու դէմդ
երբ
քու դէմդ
միշտ
կը նահանջեմ
չեմ գիտեր
երբ
չեմ գիտեր
ուր եւ
որքան օր
եւ աշխարհի
մրրկայոյզ ձմեռուան
դէմ
կը խարխափեմ
ու ղօղանջներ
աչքերէս ներս
եւ ուղեղիս
բջիջներէն
կաթիլ կաթիլ,
ծուէն ծուէն
վեր կը
կանգնին:
Յոյսս քեզի,
չեմ գիտեր
երբ եւ
կամ որու
բարեւ բերեմ
հեռուներէն,
կամ տարիներ
քեզմով լեցուն,
քնար կեանքի,
տաւիղ անզէն,
կամ ես
դարձեալ այս
ամբոխէն,
այս ամբոխէն
անգիտակից
միջակէտի չափ
աննշմար
պատառ պատառ
կը հեռանամ,
կը կորնչիմ,
կը պզտիկնամ
կեանքին ետեւ,
մշուշին մէջ:
22.1.1969
No comments:
Post a Comment