ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ԱԼ
Արեւը ողկոյզ-ողկոյզ կը թափէր մեր վրայ
Մինչ մենք
Հողին վրայ ծիլ – ծովուն մէջ արծաթ էինք
Որկէ կուգայինք – ուր կ’երթայինք
Մեր դարաւոր գոյութեան
Լուսաւոր հետքերուն վրայ կը քալէինք
Ալ մի փնտռէք մեզ – այն ծովափը
Ուր օգոստոսեան արեւներու մաղը փռուած է
Ալ մի փնտռէք մեզ – այն զգացումին մէջ
Ուր ճարճատուն քերթուածի մը տողն է առաջին
Ալ մի փնտռէք մեզ – պիտի երթանք
Մեր ինչուներով խանդավառ
Մեր ինչպէսներով գինովցած
Ալ մի փնտռէք մեզ
Բանաստեղծները կորսուեցան – պիտի ըսէք
Թէ ինչպէս եղաւ – պիտի չգիտնանք
Անձրեւը պարան-պարան կը տեղար մեր վրայ
մինչ մենք սեւ գիշերուան մէջ աստղ
սրտերու մէջ լոյս էինք
յոյս էինք
Մենք
սեպ ժայռերու վրայ ովկիաններու իշխող փարոս
սեղաններու վրայ հաց ու գինի
երակներու մէջ արիւն էինք
աւիւն էինք
Ալ մի փնտռէք մեզ
նոր ովկիաններու
նոր երազներու
սէրն ու կարօտը մեր սրտին
անվերադարձ ճամբաներու մէջ ենք հիմա
Ալ կը բաւէ
ալ դուք
դուք
ծունկի եկէք
մեր դարաւոր գոյութեան
լուսաւոր հետքերուն վրայ
No comments:
Post a Comment