ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԸ
Հոկտեմբերի վեջին օրը 1976 տարւոյն
Ժամը 16.36ին
Չէնկէլգիւղի ծովափը
Ծիածանի եօթը գոյներով հիւսուած
Ձկնորսի ուռկան մը փրփուր փրփուր
Եւ ուռկանին մէջ սէրեր - սէրեր պղպջուն
Հոկտեմբերի վեջին օրը 1976 տարւոյն
Ժամը 16.36ին
Ուռկանի մը մէջ մեր սէրերը փալփլուն
Եւ մրուրը մեր սէրերուն
Սեւ ծովու հովուն դէմ
Հանքածուխի փոշիի նման համասփիւռ
Հոկտեմբերի վեջին օրը 1976 տարւոյն
Ճիշդ նոյն պահուն
Հեռուն - շատ հեռուն
Պէլկրատի անտառին մէջ
Առուակի վրայ խարտեաշ տերեւ մը գինով
Եւ ալիքի մը քրքիջը Շիլէի ծովաթումբին քով
No comments:
Post a Comment