Thursday, June 12, 2014

Իրմա Աճէմեան: Կ՚ԱՆՁՐԵՒԷ


Կայծակները ուղեղիս մէջ փայլ կ՚արձակեն մանկութեան
Որոտում մը ատկէ յետոյ կը ծաւալի ամէն կողմ
Պատանութեան միապաղաղ զով ջուրերը կը տեսնեմ
Կը փնտռեմ այն քարերը կոխկռտուած տարիներ
Կը խարխափեմ այն դռները որոնց ետեւ ծներ եմ
Սիրտս կ՚իյնայ կը փշրուի իւրաքանչիւր մայթի քով
Հին օրերը ժպիտ կ՚ըլլան արցունքոտած այտերէ
Որոտումի՝ լաւ որ յաճախ՝ ձայնը ինծի չի հասնիր
Ու ես կ՚երթամ նոր փողոցներ որոնք երբեք իմս չեն...


22.7.1973

No comments: