Showing posts with label Yervant Barsoumian. Show all posts
Showing posts with label Yervant Barsoumian. Show all posts

Sunday, January 17, 2010

ԵՐՈՒԱՆԴ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ: ԻՄ ՍԷՐՍ

Իրիկնային արեւէն քալող մարդուն շուքին պէս
Որ դաշտերէն կ'երկարի, կ'ըլլայ լերան հաւասար,
Սէրըս գաղտնի եւ անձայն, հեռու ի՛մ իսկ աչքերէս,
Հանդարտօրէն աճեցաւ, հասաւ երկինք լուսավառ:
Եւ ակնարկով մը ջերմիկ ու երգերով սիրածոր
Ծընած սէրըս կը փրփրի այժմ յաւերժին տենչերով,
Յորձանքներուն մէջ մոլար կը կլանէ այն ինչ որ
Կամուրջ կ'ըլլայ ներկայիս եւ անցեալիս վշտաթով:
Եւ այն էակը օրհնեալ որ հրահրեց զիս այսպէս,
Որ տակաւին երգերուն արձագանգով զիս կþօրրէ,
Երբե՛ք, երբե՛ք չգիտցաւ թէ որքա՛ն յոյզ սիրակէզ
Սիրտըս իրեն ընծայեց իր մարմաջին մէջ բոցէ:
Ժըպիտիս մէջ թագնուած թախիծս երբե՛ք չտեսաւ,
Որքա՛ն մօտէն քալեցի, սէրըս այնքա՜ն չիմացաւ:


Մարսէյլ, 1934