Showing posts with label Arsen Djanian. Show all posts
Showing posts with label Arsen Djanian. Show all posts

Wednesday, January 20, 2010

ԱՐՍԷՆ ՃԱՆԵԱՆ: ԴՈՒՆ

Անբծութիւնն ես քոյր իմ,
Դուն հրճուանք տրտմութիւն,
Դուն ծիծաղ ես ու լաց ես,
Մտերմութիւն, մորմոք ես դուն, սէր ես դուն,
Շատ խոր ես դուն, անդունդ ես դուն,
Թախիծ ես դուն, երգ ես դուն,
Աշխատանք ես, հառաչանք ես, յոյս ես դուն,
Կարօտանք ես ու զրկանք ես, ո՜յժ ես դուն,
ԿԵԱՆՔ ես դուն։

Պոլիս - «Արեւուն Տակ» 1962

Monday, October 27, 2008

Արսէն Ճանեան: ԱՐԵՒՈՒՆ ՏԱԿ

Ես ալ քեզի պէս կ՚ուզէի շողալ
Անխտիր, ամբո՜ղջ աշխարհի վրայ
Բախտաւո՜ր արեւ։

Այդպէս՝ կ՚ուզէի փողփողուն դէմքս
Բախտին պէս ցոյց տալ մարդերուն բոլոր
Օրհնաձիր արեւ։

Ես ալ կ՛ուզէի աշխատող ամէն հաւատաւորի
Հարուստ բաժին մը սահմանել սրտէս
Սիրածոր արեւ

Ես ալ կ՚ուզէի ցոլքերու ցանցով
Անո՜յշ օրօրել բեռնաւոր ոստը ծառին օրհնաբեր
Երջանիկ արեւ։

Ես ալ քեզի պէս վերջապէս իմ քոյր
Կ՚ուզէի ըլլալ մտերիմ կայծը մարդկային խորքին.
Գորովոտ մայրը՝ մարդուն արցունքին
Խորարմատ ցաւին, կրակ կարօտին
Թալանուած սրտին, անհուն զրկանքին
Ժողովուրդներու հասարակաց սիրտ՝
Լուսատո՜ւ արեւ։

Պոլիս - "Արեւուն Տակ" 1962