Showing posts with label Zarouhi Kelemkiarian. Show all posts
Showing posts with label Zarouhi Kelemkiarian. Show all posts

Saturday, August 29, 2009

Զարուհի Գալէմքեարեան: [Աստղերն ազատ երկընքին վրայ]



Աստղերն ազատ երկընքին վրայ
Ծաղիկի պէս բացուեցան,
Կարօտն ունի հոգիս հիմա
Նոր կրքի մը մոգական.
Մազերս արձակ պիտի ձըգեմ
Ուսերուս վրայ տաղտընած,
Պիտի փախչիմ ես միս մինակ՝
Օրէնքներէ զերծ, անսանձ:
Հոգիս սաստիկ ճըզմուեցաւ
Տառապանքէն մարդկային,
Ձգած ետիս լաց, հոգ ու ցաւ՝
Երջանկութեան ճամբային
Ետեւէն ես պիտի վազեմ,
Զայն գըտնելու տենդովը վառ:
Ազատութեան շունչով վըսեմ
Կուրծքըս ուռած, սիրավառ՝
Պիտի անցնիմ անտառներէն
Տըղու մը պէս նոր, թեթեւ,
Մարմինիս մէջ պիտի երգեն
Վայրի երգեր հեւ ի հեւ:
Ամենէն բարձր սարին վրայ
Պիտի հասնիմ աննընկուն,
Մարմինս թեթեւ պիտի դողայ
Երջանկութեան յոյսերէն,
Ու երբ ցգամ թէ մօտեցայ
Ու ձեռքերովս կը բռնեմ
Անհունութիւնը հեռակայ
Եւ երկինքը լուսադէմ,
Մազիս ամէն մէկ թելէն
Կանթեղի պէս շողափայլ՝
Աստղեր պիտի կախեմ վար
Երջանկութեամբ անայլայլ։
Շուրջպար պիտի դառնամ ես
Մոլուցքովը հուրեան,
Ու այդ տարերքին մէջ ուժգին
Աննիւթացած, մոլորուն,
Պիտի մոռնամ երգն հողին,
Երկիրն՝ ուրկէ շատ պըժգանքով
Կոխկըռտեցի ու անցայ։


Զարուհի Գալէմքեարեան Օրեր ու Դէմքեր, Տպարան Սուրբ Յակոբեանց, Երուսաղէմ 1965

Many thanks to Lucyn Djirdjirian for bringing this poem to the attention of APP. -- the editor