Թերթերէն քաղուածք մը…
Պուխարեստի Մէջ Կայացաւ Վարուժան Ոսկանեանի «Իմ Չգրուած Բանաստեղծութիւններու Գիրքը»ի Շնորհանդէսը
Պուխարեստի Գանտակուզինօ պալատին մէջ Դեկտեմբեր 14-ին տեղի ունեցաւ հայ գրող եւ քաղաքական գործիչ Վարուժան Ոսկանեանի՝ «Իմ չգրուած բանաստեղծութիւններու գիրքը»ի (Cartea poemelor mele nescrise, Ed. Polirom, Bucuresti 2015) շնորհանդէսը, որ հեղինակը բնութագրած է որպէս որոշ չափով ինքնակենսագրական:
Ձեռնարկին հրաւիրեալներուն մէջ էին Ռումանիոյ Ծերակոյտի նախագահ Գալին Փոփեսկի Տարիչանուն, նախկին Արտաքին գործոց նախարար Թէոտոր Մելեշկանուն, Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Համլէտ Գասպարեան, Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ Եպս. Յակոբեան, քաղաքական գործիչներ եւ մտաւորականներ: Շնորհանդէսը զուգակցուած էր երաժշտութեամբ եւ ասմունքով: Ելոյթներ ունեցան բանաստեղծ Մարիան Տրակիչը եւ գրաքննադատ Ալեքս Շտեֆանեսկուն: Վերջինս ընդգծեց Ոսկանեանի հանճարն ու հումորը ըսելով. «Ոսկանեանի հիմնական որակը իր եռացող հանճարն է: Չափազանց խելացի եւ ստեղծարար է: Կը թուի, որ անոր գիրը ֆոսֆոր կը պարունակէ, փայլուն բան մը»:
Շտեֆանեսկուն գնահատեց նաեւ Ոսկանեանի ստեղծագործութեան մէջ հայկական մշակոյթի առկայութիւնը եւ նշեց, որ անոր գիրքերուն մէջ «կ՛արժեւորուի հայկական աւանդոյթի մոռցուած ֆոլքլորը»: «Մեր մօտ հայկական աւանդոյթները չափազանց քիչ գնահատուած են: Այդ պատճառով ալ հաւատացած եմ, որ «Շշուկներու մատեանը» արժանի է Նոպելեան մրցանակի, առանց որեւէ չափազանցութեան, քանի որ նորութիւն կը բերէ»,- աւելցուց գրաքննադատը: Անոր կարծիքով Վարուժան Ոսկանեան կը կենդանացնէ ռումանական մշակութային կեանքը:
«Իմ չգրուած բանաստղծութիւններու գիրքը» կը պատմէ պատերազմէն ետք ծնած երախաներու տխուր սերունդին մասին, որոնց համար 1989թ. դէպքերը չեն թուլացուցած ողբերգութեան չափը, ինչպէս նաեւ կ՛ընդգծէ բանաստեղծութեան վիճակը իսկութենէ զուրկ աշխարհի մէջ: