ՅԱԿՈԲ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ: ԱՆՑԱԳՐԻՍ ՎՐԱՅ
Անցագրիս վրայ ես երկիր չունիմ,
Ծնայ հրաշքով քիչ մը ամէն տեղ,
Կեանքս թռիչք է սահմանէ անդին,
Սահմաններէ վեր՝ երազ մը շքեղ։
Երկիր փոխելէ դիմագիծ չունիմ
Ես մագաղաթն եմ անգիր, անթափանց,
Տունս չորս պատ է առանց տանիքի
Հասցէս՝ ամպերու ճամբան կորսուած։
Ամէն քաղաքէ անցագիր մ՛ունիմ
Եւ թափառումէ թիւս կը պակսի,
Ես այն ճամբորդի պայուսակն եմ հին
Կապուած չուանով, ցաւով երէկի։
Կապուած չուանէն ամրութիւն չունիմ,
Թէեւ կ՛ամրանայ իմ սիրտս բռունցք,
Թէեւ մութին մէջ լուսիններ կ՛ապրին,
Անապատի վրայ լազուրներ խորունկ։
Հսկայ ծովերէն փոթորիկ չունիմ,
Համակերպողի ժպիտ մը միայն,
Ես զիս ըլլալու կարօտն եմ վերջին
Անհունին նետուած կանչի մը նման։
Ո՞վ էր մկրտած... Ես անուն չունիմ,
Վիշտէն սրբուած անցագիրն եմ ես,
Կարծես ճամμորդի պայուսակն եմ հին,
Որ կը փոխադրէ սիրտ մը ռումμի պէս։