Յակոբ Սարգիսեան։ ՎԵՐՍՏԻՆ
բոլոր իրերը սենեակին լռեցին
բացի սրտիս զարկերէն
եւ թեթեւցած
կարծես հովու սանդուխներէն բարձրացայ
վերացումին տանիքը
հոն ուր աստղեր քու ափերէդ ջուր կ՛ըմպեն
ու ժամերը չեն դաւադրէր լինելութեան
երբ հեռաձայնդ լռեց
դեռ լռութիւնը կը հնչէր ընդերկար
անշուք կահոյքը փոխելով թախիծի
ձայնիդ պատկերն հակառակ կողմ դարձուցի
շիտակ երեսը խաμկանքին
որ վերստին քեզ լսեմ
No comments:
Post a Comment