Վահան-Ասլան։ Արփիա՜ր
Արփիար Արփիարեանի յիշատակին
Բանաստեղծի, այսօր, քընարս է ձեռին,
Ու սէրերուս արեւն ամբողջ հոգւոյս մէջ,
Ո՜վ խաւարած արշալոյս, ես տխրագին
Ծնրադրել շիրմիդ առջեւ կու գամ գէջ։
Դուն աստղերու ճաճանչներուն սիրահար՝
խաւարներու արդ մահին մէջ կը հարգչիս.
Ներէ՛ ինծի, որ արցունքովս օծուած շառ՝
Սփռեմ շուրջդ գարուններէն մէկ նարկիս…
Մեր հայրենի երկինքներուն վրայ կապոյտ,
Արեւները դեռ, Արփիա՜ր, կ՛արիւնին…
Դարձի՛ր, դարձի՛ր, դանդիռներէն այդ ընդփոյթ,
Եւ աստուածի մ՛պէս ժառացած, խստագին,
Հորիզոնէ՜ հորիզոն, ա՜հ, գէթ մէկ օր,
Փրկութիւն դուն շեփորէ՜ բառն ահաւոր…։
Վահան-Ասլան «Եգիպտահայ Տարեցոյցը» 1914