Showing posts with label Aram Pehlivanian. Show all posts
Showing posts with label Aram Pehlivanian. Show all posts

Monday, October 06, 2008

Արամ Շաւարշ (Փէհլիվանեան)։ՍՕՆԱՏ՝ ԼՈՒՍՆԻ ԼՈՅՍԻՆ



Հանդարտ հայելին լուսազեղ ջուրերուն
Հուպը հանդարտ արտերուն, բլուրներու հեռաւոր քանդակին
Սահմաններուն մէջ կարօտի մը հին
Հին օրերու արեւը իր մէջ մեղեդի մ'հեռուն
Ասուպ մը անցեալի մութ պաստառէն
Ու սրտիս մէջ աւիշը բարեկենդաններուն
Հանդարտ, հանդարտ սպասումն է ծովուն։

Ծառերու թափօրը սեւ, լոյսին մէջ
Ցախսարիկ ցնծութեան Զաւակ իմ
Սեւ ասպետներ սպաննեցին քեզ.
Այս իրիկուն
Սբարթաքիւսն ու իր եօթհազար խաչուածներն ես
Մայրական կուրծքիս վրայ դուն։

Կուրծքս ողբի պատն է հսկայ ու հեզ
Սեւ գիրքերէն՝ կանգնող գերիներուն...
Բայց պիտի չկրնան խլել ինձմէ քեզ
Զաւակ իմ որքան
Մտքիս կամարին վերեւ, հիւսիսայգ մ'ես դուն։

Թումբերու ետին,
Մռայլ ստրուկներու զանգուածը կոթողային
Կուտակուած պատրանքը պատմութեան սեւ էջերու
Ովկէան մը վրէժխնդիր ու ահարկու
Ու կուռ սաղմը Մայտանէքի սեւ ողբին
Մտքիս արգանդներուն մէջ դրին քեզ
Զաւակ իմ։

Պիտի չկրնան խլել ինձմէ քեզ
Պիտի փշրուի թափօրը սեւ ասպետներու
Քեզմով զրահուած կուրծքիս վրայ վէս.
Ողբերու դամբաններէն վեր, ցնծութեան հեւքը գարնանային
Դէպի յաղթանակ կ'երթանք այսօր, բիւրաւորներ դուն եւ ես
Զաւակ իմ։

Արամ Շաւարշ (Փէհլիվանեան) (1917-1979)
Ապրիլ 1950, "Կռունկ" ամսաթերթ