Showing posts with label Hamazkayin. Show all posts
Showing posts with label Hamazkayin. Show all posts
Thursday, April 21, 2016
Գրասէրներու Խմբակի հաւաքներու շարքը ծայր առաւ Փետրուար 2012ին ու կը շարունակուի ամսական դրութեամբ հանրութեան հրամցնել հայ գրողներու ստեղծագործութիւնները։ Հաւաքներուն նպատակը հայ գրականութեան եւ հայ երիտասարդին միջեւ կամուրջ ստեղծելն է։
Մայիս մէկին, Գրասէրներու Խմբակէն անդամներ պիտի ներկայացնեն ընտիր փունջ մը հայ քնարերգութեան աշխարհէն։ Սիրով հրաւիրուած էք. կը քաջալերենք բոլորիդ ներկայութիւնը։ Վայր՝ Համազգայինի «Յ Մանուկեան» գրադարան, Հայ Կեդրոն, Թորոնթօ։
The purpose of these monthly gatherings is to allow Armenian youth to study, research and present about their favourite Armenian author; thereby, bridging the gap between Armenian literature and Armenian youth.
On May 1, a handful of our youth members will be presenting a series of poems that are lyrical in genre.
Tuesday, February 02, 2016
Պօղոս Սնապեանի յիշատակի երեկոյ - Evening dedicated to the memory of Boghos Snabian - Toronto
Posted by Armenian Poetry Project at 2/02/2016 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Canada, Hamazkayin, lecture
Sunday, June 07, 2015
Lecture in Toronto
Posted by Armenian Poetry Project at 6/07/2015 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Canada, Hamazkayin, reading
Tuesday, April 07, 2015
«Գրական Գոհարներ Եւ Գինի»
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ
ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
Գրական Յանձնախումբին
36րդ Տարեկան
«Գրական Գոհարներ Եւ Գինի»
Ոգեկոչական երեկոյ Նուիրուած՝
Եղեռնի 100-ամեակին
Ելոյթ Կ'ունենայ Երիտասարդ Սերունդը
Ապրիլ 17, 2015, Երեկոյեան ժամը 8-ին
Հայ Կեդրոն, 69-23 47th Ave. Woodside, Queens
Մուտքը Ազատ
Posted by Armenian Poetry Project at 4/07/2015 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Hamazkayin, USA
Thursday, January 15, 2015
Այս կիրակի՝ Թորոնթօ
Posted by Armenian Poetry Project at 1/15/2015 05:42:00 PM 0 comments
Labels: Canada, Hamazkayin
Tuesday, September 30, 2014
Armenian Literary event in Toronto
Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի գրասէրներու խմբակի 27-րդ հաւաքին նիւթն էր Հայ Կին Գրողները Տարիներու Ընդմէջէն։ Ձեռնարկը ամսական հաւաքներու շարքին մաս կը կազմէ ուր ամեն ամիս երիտասարդ գրասէրներ իրենց նախասիրած գրողը կը ներկայացնեն։ Հաւաքը տեղի ունեցաւ 28 Սեպտեմբերին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Յարութիւն Մանուկեան գրադարանին մէջ։ Մեղրի Մեսրոպեան, Մեղեդի Էթիեմեզեան, Արփի Ագըլեան, Մեղեդի Գալուստեան, Արեն Մնացականեան, Մուշեղ Գարագաշեան, Վարագ Պապեան ու Ռուբէն Ճանպազեան յաջորդաբար ներկայացուցին Սրբուհի Տիւսաբ, Զապէլ Ասատուր (Սիպիլ), Զապէլ Եսայեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Մետաքսէ Պօղոսեան, Ալիսիա Կիրակոսեան, Վեհանոյշ Թեքեան եւ Լօլա Գունտաքճեան։ Հաւաքը վարեց Թամար Տօնապետեան Գուզուեան։ Աւարտին հանդիսավարը հրաւիրեց վերջերս գաղութս հաստատուած մանկական գիրքերու հեղինակ Զանի Շահինեան Մեսրոպեան. ան խօսք առաւ իր հրատարակած մատենաշարին մասին։ Ներկաները բարձր գնահատեցին տարուած աշխատանքն ու ներկայացումները։
Photo by Jack Kuzuian
Posted by Armenian Poetry Project at 9/30/2014 07:10:00 AM 0 comments
Labels: Canada, Hamazkayin, Literary Event
Subscribe to:
Posts (Atom)