Showing posts with label Toros Toranian. Show all posts
Showing posts with label Toros Toranian. Show all posts

Sunday, November 19, 2023

Թորոս ԹՈՐԱՆԵԱՆ։ ԶԱՀՐԱՏԻՆ


Ուշ աշնան քամին ծառերը սանտրեց
Ու մէկ-մէկ խլեց տերեւներն ամէն,
Աշունը ահա մազերս ներկեց
Լոյս-սպիտակով խաբել զիս կարծեց…

Գարնան հետ քիչ ետք ծառերը բոլոր
Կը ծաղկին դարձեալ հարսնեւորի պէս,
Բայց ծաղկումիս իմ կայծը քիչ առ քիչ
Կ’աղօտի աւա՜ղ, արեւմարն ինչպէս…

Բայց գիտեմ աշնան ու ձմրան դէմ ալ
Կուրծք տալ քաջաբար երգերով իմ խեռ,
Որոնք պիտ ընդմիշտ սէրերս տանին
Յոգնած բայց յամառ դարերուն անմեռ…

Ու պիտի դարձեալ արեւծագի պէս
Ողողէ լոյսով աշխարհը համայն.
Ու գիտեմ՝ գիտեն բոլորը արդէն
Որ սկիզբ ունիմ բայց չունիմ վախճան:


Tuesday, August 26, 2014

Թորոս Թորանեան: ԵՍ


Արմատէն փրցուած
Ծառ մըն եմ այսօր
Ծառ մըն եմ տարատունկ,
Ահա թէ ինչո՛ւ
Ուր ալ գտնուիմ`
Հողերու վրայ
Բերրի, աւազուտ,
Անտառի մէջ իսկ
Կամ շէնքերու մէջ
Երկնաքեռ ու լուրթ
Կը ձգտիմ հողիս
Արմատիս ջերմուկ:

Wednesday, July 14, 2010

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ։ [Արշալոյսներ երազեցի]

Արշալոյսներ երազեցի
Բռնկումով անանձնական.
Վերջալոյսներ մերթ գրկեցի
Երազի գոյն, աներկեւան,

Կեանքս հոսուն գետի նման
Ալիքուեցաւ ծովը դէպի,
Ծովը ինձմով ի՞նչ շահեցաւ,
Ի՞նչ էր շահս ծովէն իմին։

Ու չիմացայ բիւրերու պէս
Բիւրեղ կեանքի թաւալքին կեր
Պարտեա՞լն եղայ ես սիրակէզ...
Եթէ այո՜, յաղթողն ո՞վ էր։

Tuesday, July 13, 2010

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ: ԿԸ ՄՏԱԾԵՄ

Կը մտածեմ երբեմն,
Թէ տարիները արդեօք
Խլել կրցա՞ն գանձերն իմ։
Թէ փոթորկուն ծով կեանքիս
Ծովահէնները որպէս
Տարիները թաւալող
Գողնալ կրցա՞ն երբեւէ
Խինդ ու կորովս անայլայլ,
Յոյսի պաշարս անսպառ։
Ու ահա ես ութսունի
Սեմին կանգնած լուսագէս
Ձէնով Օհան մը որպէս
Գոչել կրնամ վճռապէս
Թէ սիրտիս մէջ իմ անտես
Ունիմ ճերմակ քանի՜ տետր,
Որոնց ձիւնկաթ էջերէն
Պիտի խօսիմ աշխարհին
Թէ ունայն չէ կեանքը այս
Երբ օրերուդ դաշտերուն
Հերկերն անվերջ ողողես
Որպէս սիրոյ սերմնացան։
Ի՛նչ փոյթ, ինչ փոյթ որ չըլլաս
Դուն հնձուորը ակաղձուն–
Սէր սերմանէ յաւիտեան։



* * *

Monday, July 12, 2010

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ: ՔԵՍԱՊ

Քեսապ,
Հայոց դարաւոր կայք,
Որուն հմայքին տակ
Հայկակներ ժմնեցան։

Քեսապ,
Դո՞ւն աւելի մօտն ես արեւին
Թէ արեւը քեզի,
Երբ լոյսերու մէջ կը շողաս։

Քեսապ,
Լեռներու պար
Կարծես աղջիկներ են հայ
Ու կ՛երգեն ձերամբ։

Քեսապ,
Տօթն ըմբերանող
Անտառներուդ սօսափին տակ
Որքան անուշ է եթերանալ
Երազներով անյատակ։

Քեսապ,
Դուն օրհներգ ես մէն մի հայու
Ու կը ժպտիս ամէն անցորդի,
Որ գագաթներուդ վրայ
Աստուծոյ հետ զրոյցի կը նստի...

Քեսապ,
Քու ծոցիդ մէջ կայտառ
Այսօր հայն իսկ յամառ
Գիտցաւ վերջապէս,
Որ հայրենիքն իր վէս
Եփրատ-Տիգրիսի ակունքներուն է
Եւ ստորոտին յաւերժի լերան...

Friday, November 09, 2007

Թորոս Թորանեան: Ըլլալ

Եթէ ըլլալ է պէտք
Բնութեան պէս ըլլալ
Ու մայրանալ հողի նման.
Ու հայրանալ Վահագնի պէս.
Քամիներուն դիմաց կանգնիլ,
Ծարաւի դէմ ճագիլ
Նուռի նման ճագիլ
Ու հազարաչ նայիլ
Արփիափայլ գոյնով
Պերճ հակինթի։

Մայիս 2004

Թորոս Թորանեան

Copyright Toros Toranian. This poem has appeared in Volume 1 of Yert, the Syrian-Armenian Writers Association's annual publication and is used here by kind permission of the author.

Monday, November 05, 2007

Թորոս Թորանեան: Երթա~լ

Երթա՞լ, ու՞ր երթալ, տակաւ տնտնա՞լ,
Շարքէ դուրս ելած գառնուկի նման
Մայե՞լ շուարած, երբ բաց է ճամբան
Մեր հայրենի տան, երթալ հո՛ն միայն։


Թորոս Թորանեան 2004

Copyright Toros Toranian. This poem has appeared in Volume 1 of Yert, the Syrian-Armenian Writers Association's annual publication and is used here by kind permission of the author.