Դո՛ւն, առաջին վանկ շրթունքիս, առաջին ձայն իմ հոգւոյս,
Նախկին հնչիւն իմ մանկական լեզուիս հեզ,
Որով լացի ու երգեցի միշտ յուզումներս, իղձս ու յոյս,
Իմ մայրենի քաղցրի՜կ բարբառ, ողջո՜յն քեզ:
Տարիներով թափառական օտար երկիր ու վայրեր,
Զուրկ մնացի ընտանիքէս, տընակէս.
Այլ քու կարօտդ անդարման ցաւն եղաւ սրտիս կարեվեր,
Ո՜վ իմ լեզուս, ամէն իղձ զո՜հ ըլլայ քեզ:
Զարմանահրաշ վըսեմ թարգման դուն սրբութեանց անմատոյց,
Դուն արձագանք Հայ անցեալին, կեանքին վէս,
Տիտաններու, քերթողներու անմահ փառքին ապացոյց,
Ո՜վ վեհ բարբառ իմ հայրերուս, պատի՛ւ քեզ:
Ալեծաղիկ կատարներու անմահ զաւակ դարաւոր,
Ծոցէդ անշէջ ճառագայթներ կը ժայթքես,
Մշտափթիթ գարուն մ՚անանց կը պըսակէ դէմքդ աղուոր,
Անզուգական, քնքուշ լեզուս, համբո՜յր քեզ:
Դուն Մեսրոպին ու Սահակին շունչին թրթռումը ոսկի,
Որ հայրենի յուշերն անդուլ կ՚եղերգես.
Իր պաշտելի աւանդութեանց, նշխարներուն սուրբ ըսկիհ,
Ով աննման չքնաղ լեզու, բուրվա՜ռ քեզ:
Ծով ծիածան որ կը գըլես լայն կոհակներդ այգաբեր,
Մերթ գոհարներ ծաւալելով, մերթ բեհէզ.
Մերթ սաղմոսներ ծփծփալով, մերթ վէպեր,
Ո՜Վ Հայ լեզուս իմ պաշտելի, ողջո՜յն քեզ:
Դուն թրթռացիր անտառներու սօսիներուն տակ ըստէպ,
Հայ աշուղին քնարին պարծանք եղար վէս.
Հիմա կ՚երգես զաւակներուդ նժդեհ կեանքը երաշխէպ,
Քերթողներու անմահ բարբառ, բիւ՜ր փառք քեզ:
Օրհնեա՜լ ըլլան մեր հայրերը, որոնք թէեւ ցիր ու ցան,
Մութ օրերուն՝ մոլորած չոր շիւղին պէս,
Մոռցան իրենց տունն ու տեղը, զաւակներնին ուրացան,
Իրենց անձն ալ, բայց չըմոռցան երբեք քեզ:
Քու բառերէդ՝ արեւէն վառ ու բիւրեղէն վճիտ
Իմ հոգւոյս մէջ բոց մը կաթեց մշտակէզ,
Հուր ծարաւը անհունութեան, բարւոյն, մեծին ճըշմարիտ.
Ո՜վ մանկութեանս ազնիւ լեզուն, կ՚օրհնե՛մ քեզ:
Օրհնեա՜լ ըլլան մեր մայրերը, որոնք զքեզ սնուցին
Իրենց շունչովն ու աղօթքով սրտակէզ,
Խարխուլ, փլած կտուրին տակ, կարօտ՝ պատառ հացին,
Գուրգուրանքո՜վ պահպանեցին միշտ ըզքեզ:
Թող որ ե՛ս ալ, յետին զաւակն հայրենիքիս իմ թշուառ,
Սուրբ տաճարիդ ոտքը բերեմ ողջակէզ՝
Միշտ տառապած, երբեք շիջած սրտէս կայծ մը խանդավառ,
Հոգւով պաշտեմ ու քնարովս օրհնեմ քեզ:
Զապէլ Ասատուր (Սիպիլ)