Thursday, January 05, 2017

ԶԱՊԷԼ ԱՍԱՏՈՒՐ «ՍԻՊԻԼ»: ԾՆՈՒՆԴԻ ԳԻՇԵՐ

Այն աստեղավառ Ծնունդին գիշեր
Ամպերէ ծաղիկ թափեր կը ձիւնէ,
Ինչպէս նշենին հովէն տարուբեր
Արփագոյն՝ լոյսէ աստղեր կը ձիւնէ:
Իմ մանուկ հոգիս, իմ հոգիս դեռ կոյս,
Ոհ, ի՜նչ ջերմեռանդ խանդով ըզմայլուն՝
Կաթոգին խնդրեց քեզմէ, ո՛վ Յիսուս,
Որ աստղ մ'ինձ ղրկես երկինքէդ փայլուն:

Այն խորհրդաւոր Ծնունդին գիշեր,
Ճաճանչի մը մէջ տեսայ ես Աստուած,
Սիրտը արիւնած, ճակատը փուշեր,
Թշուառ մարդկութեան երազին զոհուած,
Ծաղկատի հոգիս, հոգիս խանդավառ
Խնդրեց որ կեանքով օծես, ո՛վ Յիսուս,
Դուն որ մեր անհուն պատրանքը տեսար
Ոսկի սկիհը իմ երազներուս:

Հիմա ծնունդի գիշերն է խաւար
Ու Բեթղեհէմի աստղին տեղ արծաթ՝
Հորիզոնին մէջ կը շարժին երկար
Ծով անյուսութեան կուռ ամպեր երկաթ:
Բայց միշտ ջերմեռանդ՝ այլ հիւծուած հոգիս,
Կու գայ պաղատիլ քեզի, ո՛վ Յիսուս,
Զի շիջան աստղեր, երազներ կեանքիս,
Դուն ցօղէ ինծի նոր հաւատք, նոր յոյս:

1 comment:

Armenian Poetry Project said...

Մեր Հայ գրականութեան եւ մշակոյթի հին կեդրոն Կոստանդնուպոլսոյ քաղաքէն անսպասելի նուէր մը ստացանք, հանրաճանաչ Զապէլ Ասատուրի «ՍԻՊԻԼ» գրիչին պատկանող: Անոր հեղինակը ունի համեստ հոգի մը, համոզուած եմ իր Ծնունդի Գիշեր սրտառուչ բանաստեղծութիւնը՝ ունի երկնաշունչ մեղմ ձայն մը՝ իսկոյն, ան իր աղօթքի մրմունջն է. Իրօք սոյն բանաստեղծութիւնը այնքան գեղեցկութեամբ հիւսուած է, որ մարդ էակը անկարող է անզգամ մնալ, քանի որ իր գրիչը ունի համոզիչ ուժ, անմերժելի հրաւէր եւ Սուրբ Ծնունդի խաղաղութեան աւետիսը պարգեւող հանգամանք: Ծնունդի Գիշեր՛ը խորհրդածութեամբ լի է, ինչպէս անհամար աստղերը երկնքին վերեւ, այնպէս ալ իր հոգին լի է անկեղծ լուսոյ յոյսերով եւ մանաւանդ իր եռուն հաւատքով: Յատկապէս իր կանացի զգայուն հոգիով ծնրադիր ու հեծեծագին աղօթքով կը դիմէ Անոր, ''Կու գամ պաղատիլ քեզի, ո՜վ Յիսուս'', ''Դուն որ մեր անհուն պատրանքը տեսար'', ''Դուն ցօղէ ինծի նոր հաւատք, նոր յոյս'': Ահա՛ւասիկ, հոգեղէն ի՜նչ գեղեցկութեամբ եւ մաքրասիրութեամբ կը մօտենայ Անոր, որ իր հաւատքին պէս կը սիրէ:
Յովհաննէս Ասպետ