Showing posts with label Literary Event. Show all posts
Showing posts with label Literary Event. Show all posts

Saturday, October 25, 2014

Tuesday, September 30, 2014

Armenian Literary event in Toronto


Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի գրասէրներու խմբակի 27-րդ հաւաքին նիւթն էր Հայ Կին Գրողները Տարիներու Ընդմէջէն։ Ձեռնարկը ամսական հաւաքներու շարքին մաս կը կազմէ ուր ամեն ամիս երիտասարդ գրասէրներ իրենց նախասիրած գրողը կը ներկայացնեն։ Հաւաքը տեղի ունեցաւ 28 Սեպտեմբերին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Յարութիւն Մանուկեան գրադարանին մէջ։ Մեղրի Մեսրոպեան, Մեղեդի Էթիեմեզեան, Արփի Ագըլեան, Մեղեդի Գալուստեան, Արեն Մնացականեան, Մուշեղ Գարագաշեան, Վարագ Պապեան ու Ռուբէն Ճանպազեան յաջորդաբար ներկայացուցին Սրբուհի Տիւսաբ, Զապէլ Ասատուր (Սիպիլ), Զապէլ Եսայեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Մետաքսէ Պօղոսեան, Ալիսիա Կիրակոսեան, Վեհանոյշ Թեքեան եւ Լօլա Գունտաքճեան։ Հաւաքը վարեց Թամար Տօնապետեան Գուզուեան։ Աւարտին հանդիսավարը հրաւիրեց վերջերս գաղութս հաստատուած մանկական գիրքերու հեղինակ Զանի Շահինեան Մեսրոպեան. ան խօսք առաւ իր հրատարակած մատենաշարին մասին։ Ներկաները բարձր գնահատեցին տարուած աշխատանքն ու ներկայացումները։



Photo by Jack Kuzuian