ՀԱՄԱՍՏԵՂ: ՄԱՀՈԻԱՆ ՏԵՍԻԼՆԵՐ
Պատուհանիս մէջ ցուրտ հովը դեղին
Տերեւ մը ձգեց…
Քոյր իմ, մօտեցիր,
Քոյր իմ, մօտեցիր,
Տե՛ս, ո*վ է կ՚անցնի մօտի անտառէն:
— Մօտի անտառէն ուռերու վրայ
Հովին պէս արագ դագաղ մը կ՚անցնի…
Հովին պէս արագ դագաղ մը կ՚անցնի…
— Վերջալոյսը լուռ կը հատնի հիմա…
Ո՞վ է կը հատնի վերջալոյսին հետ…
Ո՞վ է կը հատնի վերջալոյսին հետ…
— Հո՛ն դաշտերուն մէջ , վերջալոյսին հետ
Կը հոգեվարի ծեր ձի մը կարմիր…
Կը հոգեվարի ծեր ձի մը կարմիր…
— Ա՛լ արեւ չ՚կայ , ալ մութ– է հիմա …
Այդ ի՞նչ ստուեր էր դողալով անցաւ…
Գորշ մութին մէջէն, տանիքներէն վեր,
Ագռաւներու սեւ երամ մը անցաւ …
— Ճրագիս լռյսր շարժիլ ըսկըսաւ…
Հեռո՜ւն ի՞նչ բոց է, կը փըլի կարծես…
—Հո՛ն ծովուն վրայ , հորիզոնին մօտ
Նաւ մը հրդեհուած կ՚րնկղմի ահա …
— Ճրագիս յոյսը ալ կը պապակի…
Այդ ի՞նչ աղմուկ է հեռուէն կուգայ …
— Լեռներէն ասդին ճերմակ գառներու
Հօտը զարհուրած,
Քաղցէն կը մայէ ու աստղերան տակ
Քարեր կը կրծէ…
Ճրագիս ձէթը հատնիլ սկսաւ …
Ա՜հ քոյր, հեռացիր , փակէ դռները.
Լուո փողոցներէն, մութին մէջ մահուան ճիւաղը կ՚անցնի…։
Փիւնիկ, թիւ 25, 1920
Փիւնիկ, թիւ 25, 1920