Արփիար Տէր Մարգարեան։Ծաղկեպսակը
Վարդ մը կարմիր, որ ունի փուշ,
Կ՛արիւնի միշտ հոգիս խռոված,
Փերթերն անոր նուրբ ու քնքոյշ
Սպեղանի կ՛ըլլան հոգւոյս,
Ու կը ծածկեն վէրքս անբոյժ։
Ադամանդէ ցօղը փունջին,
Փովակերպուած արցունքէն իմ,
Կու տայ սնունդ, թարմ, անսպառ
Հոգեվար ու անարեւ իմ ծեր սիրտին,
Որ յետ մահու կը վերապրի
Անմահութեան իղձովն առլի,
Որ կը ձգտի ու չի հասնիր,
Գահին թափուր, անթագակիր։
Յիշատակի փունջը կեանքիս,
Ծաղկեպսակն ըլլայ պիտի
Հանգչած մարմնոյս, մինչ իմ հոգիս
Տենդ մը ունի վաժ կարօտի։
Արփիար Տէր Մարգարեան, Արձագանգ եւ անցորդը, Ստանպուլ : Արաս , 2006