Զոհական։ ԼՈՒՍԱՒՈՐՋԻ ԿԱՆԹԵՂԸ
Սուտակներու, սադերու շամանդաղին մէջ անքոյթ,
Երբ ամէն ինչ կը ննջէ գրկած երագ ու խորհուրդ,
Երբ լիճ, անտառ՝ լըռակեա՜ց, լոյս եւ ստուեր կր մարեն,
Դուն կը քթթիս, շոդակա՜թ , կապոյտներու կամարէն։
Աստուած կախեց զերդ լապտեր քեգ գմբէթէն կապտաւուն.
Ու Առասպելն ոսկեղնիկ հայ հանճարին, հայ հոգւոյն,
«Լուսաւորչի Կանթեղ»ո՜վ մըկրտեց քեզ խանդագին.
Եւ հաւատաց, եւ ցանկա՜ց՝ որ երբ աստղերն աղօտին,
Ըմբերանին Բանն ու Երգ, տըժգունի Յոյսն արնաքամ,
Եղծին քանդակ, մագաղաթ եւ փեռեկտի Խաչն անգամ,
Դուն երեւիս, դուն նայիս հայ սարերու կատարին,
Դուն առկայծիս, դուն քթթիս հայ սրտերու խաւարին…։
Եւ որպէսզի դուն ըլլաս եւ ընես մեզ մշտակեաց,
Գծելով կայքդ ու պարոյկ՝ տեառնադիրն Արագած,
Լուսաւորիչն անդոհին մէջ միշտ բարի, միշտ արթուն
Ամէն գիշեր հոն մօտի՜կ , ամէն գիշեր հոն հեռո՜ւն,
Արտասուքն իր իւղի տեղ կը կայլակէ լուռ, դողդոջ,
Եւ մայրն ինչպէս կաթին հետ կը քամէ սիրտն իր ամբոդջ,
Կուտա՜յ, շի՜թ շի՜թ, էութեան իր հոսանուտն՝ հալած լոյս,
Խորհրդանիշ գորովին, գոհաբերմանն առ Յիսուս,
Որ հոգիներն առկայծեց, դարեր աոաջ մըթագին.
Եւ վըրայէն դարերուն, ժամանակէն ալ անդին.
Բացաւ ուղի, հորիզոն, տուաւ ծնծղայ, ալելու,
Հաւատքն յաւէտ հաւտալու եւ Յոյսն ընդմիշտ յուսալու…։
Անմեղ մանուկ երրեմն Ես՝ պարուրեցիր իմ աչքեր.
Բեւեռներու, մոյթերու տարփոտ տըղայ՝ զիս տարիր
Ոլորտներուն մըտածման, այժմ երբ շուքին լուսայեռ,
Մըթաշառայլ խորհուրդի հմայքիդ եմ ծնրադիր,
Կը ներխուժես աղջերուն յոգնաըսպառ. իմ հոգւոյն
Երեսակներ կը բանաս, կուտաս անոր ձեւ ու գոյն.
Կը դընես հոն կայծդ անշէջ եւ զայն ահա քաշելով
Գիշերներու մըոայլէն, նոճիներէն մահախռով,
Կը տանիս վե՜ր՝ ամպերէն, կատարներուն սպիտակ
Ուր չ՚արտասուեր բանաստեղծն երազն իր՝ գէջ լուսնին տակ.
Կը տանիս վե՜ր՝ աստղերէն, կը բեւեռես անհունին՝
Արեւներով մշտավաո ուր չի մսիր ցուրտ հոգին…
Լուսաւորչին Նայիրեան կանթեղն ընդ միշտ լուսավառ,
Դուն լոյսն Յոյսին, Հաւատքին, դուն ամոքիչ փրկարար,
Շաղո՜վ, շողո՜վ ողողէ՛ փակ ճամբաներն համօրէն,
Հագուեցուր մերկն հոգիով, մերկացուր մեղքն իր խորխէն։
Կը սընանիս արցունքով՝ գիտես ի՜նչ է լացն որբին,
Կը ծռիս խոր վիհերուն՝ գիտես ի՜նչ է մութ հոգին,
Լուսաւորէ ինչպէս իմ՝ իղձերն ամէն , ամէնուն.
Տուր անհունին բիւր սիրտեր եւ սիրտերուն բիւր անհուն…
Գոհար ժըպիտ, արծաթ շիթ, դուն մթութեան աչքն անփակ,
Անկշռելի կշռոյթին եւ կշիռին անքանակ,
էախրնդիր մեկնութեան եւ էութեան անմեկին
Դու լուսեղ մ՛էկ կէտն ու փաստ՝ մեր հոգիին, մեր մտքին.
Վե՝ր տար ինձ հետ իմ ագգն ալ , վե՜ր , ազգիս հետ ազգերն ալ
Մարդիկն ամէն, մոլորեալ մոլորակին այս մըռայլ,
Բա՚ց ամէնո՜ւն, ամէնո՜ւն, ոսկեծըղի դուռն արծաթ
Խաղաղութեան երկնային՝ Աստուածներուն գթառատ
Զոհական "Ճրագալոյց"
No comments:
Post a Comment