Showing posts with label Tatoul Aynedjian. Show all posts
Showing posts with label Tatoul Aynedjian. Show all posts

Tuesday, June 04, 2013

ԹԱԹՈՒԼ ԱՅՆԷՃԵԱՆ: Վերադարձի՛դ Կը Սպասեմ


Գացի՜ր անխօս, անկտակ,
Առանց վերջին համբոյրի,
Ո՛չ իսկ մէկ ցո՜ւրտ նայուածքի
Լուռ գիշերուան մէջ խաւար:

Ձմրան գիշեր մ՛էր այդ օր
Երբ հոգիովն իմ անզօր`
Տեսայ նաւը քեզ տանող,
Ծովուն վրայ հեռաւոր:

Սիրտըս հիւանդ էր արդէն,
Այդ ցայգային պատկերէն,
Նաւը արդէն մեկնե՜ր էր,
Վերջին ցոլքն իսկ կը շիջէր:

Գացի՜ր, գացիր դուն անդարձ,
Գիշերուան պէս լուռ, թախծոտ,
Հոն թողլով զիս քարացած`
Քարափին վրայ քու սիրոյդ:

Լոկ հո՛ն հիմա կը շնչեմ
Շունչըդ, յոգնած ու անյոյս,
Սա՛ գիշերուան մէջ անլոյս,
Վերադարձի՜դ կը սպասեմ…:

Wednesday, September 15, 2010

Թաթուլ Այնէճեան։Սէր ու Նահանջ

Սէ՛ր, կը յիշե՞ս, երբ իրիկուն մը աշնան
Ծեծեցիր դուռն իմ տղու խօլ հոգիիս՝
Բերելով խունկ ու հաշիշ…։

Այդ օրերուն՝
Կը սարքէիր խրախճանքի հանդէսներ
Երբ հոգիիս, անհայրենիք իմ տղու
Յանձնած էիր պարմանուհի մը օտար…։

Սիրեցի զայն,
Ու անոր հետ՝ իրիկունները աշնան…։
Օրերս անցան՝
Կարօտի մեղկ հեւքերով,
Մինչ ժպիտներդ անկայուն՝
Իմ խենթ տղու տեսիլներուս հեշտանքէն
Կը խլէին երգերն ամէն
Թախծակայլակ քնարիս
Սէ՜ր, այն ատեն հպարտ էիր ու հզօր՝
Տկարութեանս աւիշով,
Որովհետեւ անզօր էի տակաւին
Թափանցելու անունիդ սին խորհուրդին։


Թաթուլ Այնէճեան, ԹԱԽԾՈՏ ՔՆԱՐ, Պէյրութ, 1997

Tuesday, September 14, 2010

Թաթուլ Այնէճեան։ Իմ երգը

Երգս վէրք մ՛է անանուն,
Երգս երազ մ՛է տժգոյն,
Երգս հեծք մըն է անհուն,
Ամէ՜ն, ամէ՜ն իրիկուն
Կը կրկնեմ զայն միշտ տրտում։

Երգս աղերս մ՛է երկար,
Սակայն աւա՛ղ չըհասած
Քու հոգիիդ քաղցրալար,
Փշրուելով կ՛իյնայ վար,
Ու կը մեռնի՜ համրաբար…։

Թաթուլ Այնէճեան, ԹԱԽԾՈՏ ՔՆԱՐ, Պէյրութ, 1997

Monday, September 13, 2010

Թաթուլ Այնէճեան։ Կապոյտ աչքեր

Որքա՜ն երկինքներ ու որքա՜ն ծովեր
Թաքնուած են հոն՝ այդ աչքերուդ մէջ,
Հոն կան ծփանքներ ու ցոլքեր անշէջ,
Զերթ արշալոյսի քաղցրափայլ շողեր։

Ջահեր են անոնք, ջահեր մշտավառ
Որոնք կ՛արձակեն կայծեր իմ հոգւոյս,
Ինչպէս արեւը կեանքի մը անլոյս,
Արեւն երկինքէն կ՛իջնէ սիրտս ի վար։

Ու ես այս գիշեր քարափէ ծովուն,
Նստած կը դիտեմ՝ հեռուն, շա՜տ հեռուն
Գիշերուան մարած հորիզոնն, անհուն,
Ուր կը պլպլան աչքերդ ասմազուն…։


Թաթուլ Այնէճեան, ԹԱԽԾՈՏ ՔՆԱՐ, Պէյրութ, 1997