Ժանոյ Իփճեան։ Քեզմով
Առանց քեզ, սիրելիս,
Կեանքի դարձդարձիկ, մութ փողոցներէն
Կ՛անցնիմ գինովի պէս՝ խարխաբելէն,
Մրթմրթալով երգեր անեղանակ,
Հոս ու հոն կանգ առնելով անճառակ։
Երգերս բոլոր՝ անկապ ու անյանգ,
Ի զուր կը փորձեն սիրոյս տալ նոր կեանք,
Հոգւոյս փոխանցել նոր յոյս ու տենչանք,
Որ ա՛լ քեզ մոռնայ, գտնէ նոր տարփանք։
Հաւատա՛, իմ քաղցրիկ,
Ինչքան կը նմանիս կեանքիս նաւակին
Արագաստը ուռճացնող քամիին,
Որ կը փչէ թարմ ու բարենպաստ
Արեւելքէն բուռըն՝ սակայն զուարթ։
Բայց քեզմով, նազելիս,
Ան կը նմանի բարեբեր դաշտի,
Հասկեր ցորենի ՝ հասուն ու ոսկի,
Պտղատու ծառի՝ ծանր ճիւղերով,
Պէս պէս պտուղով՝ քաղցըր ու համով։
Կþիմաստաւորուի կեանքս անսովոր
Ու կþամբողջանայ շրջանը անոր,
Կ՛առնէ միտք, մարմին, հոգի ու իտէալ.
Քեզմով, աղուորս, ես կ՛ապրիմ դարձեալ։
Լոնտոն - 2010