Ժանոյ Իփճեան: Երեկոյ
Երեկոյեան՝ չմթնցած,
Արեւմուտէն քիչ մը առաջ,
Թռիչք կ՛առնեմ, մտքով կու գամ
Գերեզմանիդ այցելութեան։
Ու հոտաւետ, բունջ մը ծաղիկ,
Հազար փաթիլ՝ հատիկ-հատիկ,
Հողաթումբիդ գլխուն դրուած
Խաչին շուրջը կը զետեղեմ։
Կը զրուցենք՝ հոսկէ-հոնկէ,
Օրուան մասին որ անցեր է,
Փսփսալով կը զրուցենք
Մեր անցեալէն, ապագայէն։
Երեկոյեան՝ չմթնցած,
Արեւմուտէն քիչ մը առաջ,
Գէթ մի քանի հապճէպ վայրկեան
Ես կը մոռնամ լեղի ներկան։
Կը կատակենք զուարճաբար,
Ինչպէս ամէն անգամ կ՛ըլլար,
Կարծես տակաւ բան չէ փոխուած,
Մեր առօրեան չþայլափոխուած։
Շուտով սակայն հրաժեշտի
Ժամը տխուր մեզ կը հասնի,
Բաժանումի պահը արդէն
Զիս կը խթէ համառօրէն։
Երեկոյեան՝ չմթնցած,
Արեւմուտէն քիչ մը առաջ,
Հոգիս լեցուած՝ սէր անթառամ,
Ես միս-մինակ տուն կը դառնամ։
Լոնտոն - 2009
No comments:
Post a Comment