Ժանոյ Իփճեան: Լապտերներ Թղթեայ
Ես ու դուն,
Յոյսի ու սիրոյ լապտերներ թղթեայ,
Կեանքի սայթաքուն գետակին վրայ,
Կը նաւարկենք մենք մեզմէ ակամայ։
Ես ու դուն,
Գետակին վրայ դեռ մնանք պիտի,
Մինչեւ որ հասնինք ափը դիմացի,
Կամ լապտերներուն թուղթն ամբողջ այռի։
Նիկոսիա - 2004
No comments:
Post a Comment