Յակոբ Պալեան։ ԱՀԱԳՆԱՑՈՒՄ
Հին օրերուն բարութիւնը ցնորք չէր
ի՜նչ յուզումով կը կարդայի կակաչ
հեթանոս հարճ մշակ Վահագն երգող
ճիչն ահաւոր բանաստեղծին Վարուժան
Վարուժա՜ն, ցաւդ երգ դարձուցիր
մողոքներուն դէմ կանգնած երգեցիր`
«Ուղեղս կերան իշամեղուներն
ամբարշտութեան»
Գռիհներուն մէջ վաշխառուներու
բնազդներով կը տեւեն իշամեղուներ
կիրք են ընչաքաղց բարին կրծող
դափնիներու երազներով տոչորուն
Հիւանդ է բանաստեղծ երէկի տղան
լքուած ու անտէր քէներու թիրախ
զգայուն սրտի խօսքերն շողարձակ
դատարկ փառքերու եղան ստուեր
Հիմա ինք գիտէ որ հաւատարիմ
անաւարտ եւ անաղարտ սէրերու
լոյսն ինք կրեց եւ պիտի կտակէ
Ոսկի Հորթի երկրպագուներն անարեւ
մարախներու աւեր ձգած իրենց ետին
տապանաքարն իրենց ամբարիշտի
պիտի ըլլայ մարմար անլեզու:
Յուլիս 2004
No comments:
Post a Comment