Ժանոյ Իփճեան: Սիրոյ Անէծք
Թող որ անգղերը անապատներուն
Հրեղէն աչքերդ այդ կտցահարեն,
Ինչպէս քամահրանքն այդ քու մութ հոգւոյն
Կը խլէ անոյշ կեանքը իմ սրտէն։
Ես ամէն գիշեր աղօթեմ պիտի,
Որ հոգիդ տանջուի՝ ցերեկ եւ գիշեր,
Սիրոյդ տիրանայ մէկը տմարդի,
Դժբախտանաս դուն, ունենաս ցաւեր…
…Բայց երբ այս բոլորն իրականանան,
Պատկերդ երկա՜ր ես պիտի դիտեմ
Ու հոգիս խեղդեմ արցուքով ու լամ.
Ես ծաղիկներով դամբանդ պիտ կերտեմ։
Նիկոսիա - 1975
No comments:
Post a Comment