Tuesday, October 27, 2009

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ: ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԳԻՆԵՁՕՆ

Կ'ուզեմ նստիլ սա քարին, գարնան անուշ արեւին
Եւ ծառերուն հետ անշարժ դիտել երկինքը կապոյտ,
Կ'ուզեմ ըլլալ իմաստուն, ինչպէս ծերերը գիւղին,
Որ անդորրին հեշտանքով կ'արբենան լուռ ու անփոյթ։

Կ'ուզեմ նստիլ, ծառին տակ ճամբորդի մը պէս յոգնած,
Որ կը նայի կարօտով անվերադարձ այն ճամբուն,
Ուրկէ անցաւ մերթ մանուկ, մերթ պարմանի փառապանծ
Եւ մերթ կեանքի բեռան տակ կքած ստուեր մ'օրօրուն։

Այս պահը բաւ է ինծի իր արեւով ոսկեշող,
Հողէն, ջուրէն բարձրացող իր համերգով կենսալի.
Կ'ուզեմ ըլլալ սրտագոհ ինչպէս խոնարհ աղօթող
Եւ փառք տալ միշտ որ դեռ կամ իբրեւ մարմին ու հոգի։

Ոչ անցեալի ափսոսանք, ոչ գալիքի սպասում.
Աշխարհն ահա իմ դիմաց հորիզոնէ հորիզոն.
Արարչութեան երկնային չունիմ գանգատ եւ հարցում,
Կեանքս դարձեր է արդէն հրաժեշտի գինեձօն…


Դեկտեմբեր 1, 1989

«Իրիկնալոյս Ռումբերու Տակ»

No comments: