Monday, October 19, 2009

Եղիա Տէմիրճիպաշեան։ [Կը նմանիմ ես…]

Կը նմանիմ ես այն ծառին, որ կիսով հողէն խլուած է եւ որոյ արմատին նրբագոյն ծայրերէն մինչեւ երկնաբերձ կատարին բարակ ճիւղերն հեծեծանք մը կը պտտի օրն ի բուն։ Սենեակիս առաստաղն երկնամարի կը փոխուի իր կաթէ ճանապարհով եւ իր համաստեղութիւններով, եւ ադամանդներ ոտիցըս տակ ցանուած կը տեսնեմ, որոնց վրայ կիսամերկ կը պարեմ օդանոյշ ոգիներուն հետ, երկնահոս նուագաց ընկերակցութեանբ։


Եղիա Տէմիրճիպաշեան Նամականի

No comments: