Յակոբ Պալեան։ ԻՆՉ ՓՈՅԹ
Անձրեւէն ետք
Բացուած է կապոյտը անհուն
Պարտէզին մէջ
Չեն լսուիր գոռոցները զազիր
Ոչինչ ըսող
Հեռատեսիլին եւ ձայնասփիւռին
Բառեր բառերը
Կիրքի եսի սուտի վարագոյր
Տերեւներուն մէջ թզենիի
Պարը խօլ եւ անհոգ
Սարեակներու
Անօթիի թափահարումներով
Առաջի եւ վերջի մղձաւանջէն
Ազատ եւ զերծ
Բնութեան կարգը
Կը յուշէ ընդդէմ աղմուկին
Փսխունքն
Շահախնդիր քաղաքակրթութեան
Չարին դէմ
Անզօր են նկուն ազնիւն ու բարին
Դաւին ու վատին
Կայսրութիւնը ամենակալ
Անձրեւէն ետք
Սաղարթներու վրայ կը փայլին
Կաթիլներ բիւրեղեայ
Որոնց վրայ կը փշրուին
Ճառագայթներն արեւուն
Ջերմ ու կենսաբաշխ
Ծնելով շռայլ գոյներ
Ծիածանի մը երբներանգ
Հեռուէն կը լսուին
Դաշնակի հնչիւններ մեղմ
Կը տարածուին
Եթերին մէջ անշարժ միջօրէի
Այն պահն է
Երբ հորիզոնները կը հեռանան
Ի~նչ փոյթ
Եթէ անսահմանութիւնը կը վերցնէ
Կապանքները կապարային
Աչքերու եւ սրտի
Անեղծութեան համանուագին հետ
Եւ նախքան
Մեծ խորհուրդը եւ հանդիպումը
Գերիրական
Որոնումը իմաստներու
Երթը ճշմարտութեան
Թեւ կ’առնեն
Եւ ինչ որ անդին կայ անցաւորէն
Կը նուաճուի
Փայլատակումը առաջի եւ վերջի
.....
25 Յուլիս 2007
This poem appears courtesy of the author, Hagop Balian.
No comments:
Post a Comment