Showing posts with label Vahram Mavian. Show all posts
Showing posts with label Vahram Mavian. Show all posts

Sunday, March 30, 2014

ՎԱՀՐԱՄ ՄԱՎԵԱՆ

ՎԱՀՐԱՄ ՄԱՎԵԱՆ
(1928-1983)

Ծնած է Երուսաղեմ: Նախնական կրթութիւնը առած է տեղւոյն Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարանը, զայն շարունակած՝ «Պիշըբ Կօպաթ» գոլէճին մէջ: Ատեն մը Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ ուսուցչութիւն ընելէ ետք, հետևած է Պելֆաստի (Հիւսիսային Իրլանդա) «Քուինզ» համալսարանի Անգլիական Գրականութեան, Հոգեբանութեան և Իմաստասիրութեան դասընթացքներուն:
Վերադարձած է Մելգոնեան Հաստատութիւն, ուսուցչութեան: 1963-էն ի վեր՝ կը պաշտօնավարէր Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան մէջ որպէս Հայկական Բաժնի Վարչութեան անդամ:
Վախճանած է Լիզբոն (Փորթուկալ), թաղուած Պէյրութ:


Տեսնել՝ Վահրամ Մավեան «Հայու բեկորներ», Բ. տպագրութիւն. Անթիլիաս : Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, 2001


Աղօթք
Մեկնողին

Տէ՛ր, շնորհէ իրեն կեանք, ճամբուն վրայ երազին,
Թող ոչ մէկ ցաւ գայ տանջել հոգին անոր՝ գիրկին մէջ
Օտարութեան, երբ դառնան դէմքերն անոնց՝ որ առին
Օր մը հասակ միասին, եղան արցունք, եղան սէր:

Տէ՛ր, շնորհէ իրեն կամք, խանդ ու կորով անսպառ,
Որ հոգիին հեւքն իսկոյն, վայրկեաններուն իր անել,
Գիտնայ փոխել նւագի, որ պահերուն իր մինակ,
Սիրտն իր զգայ աւելի՛ լեցւած շունչով մը ընտել:

Ու հոգին, Տէ՛ր, որ այսօր իրն է, պահէ՛ անվտանգ,
Պահէ ամբողջ տակաւին քամիներուն դէմ վաղւան.
Հաւատաւոր, հեռագնաց ըրէ քայլերն իր պարման:

Իսկ երբ նետէ ժամանակն օր մը ստւերն իր դաժան,
Տէ՜ր, հեռացող սա տղուն խենդ աչքերուն հոգւոյն մէջ,
Մնայ թող միշտ հաւատքի իր բոցէն շող մը անշէջ:


* * *

Վերյիշում
Երբեմն յանկարծ կը յիշեմ այսպէս,
Երեկոն խաղաղ, լուրջ մայրիներուն,
Երբ վերջին անգամ սէ՜ր իմ՝ դուն ու ես,
Գացինք միասին խորը, շա՜տ հեռուն:

Ու ժամերն անցան երկվայրկեանի պէս,
Հոն՝ մայրիներու պերճ հովանիին.
Կարօտցեր էինք այնքա՜ն, կը յիշե՞ս,
Որ կարծես դարե՜ր մեզ կը բաժնէին:

Ու հովիտին մէջ երբ զանգը վանքին
Իրիկնապահի աղօթքին կանչեց,
Դողաց ափիս մէջ քու ձեռքը պզտիկ,
Աղօթենք, ըսիր, մենք ալ անոնց պէս:

Երբ մութը իջաւ յետոյ, կը յիշե՜ս,
Մենք հաղորդւեցանք իրարմով, իմ սէր,
Դուն մեծցած էիր, փոխւած էի ես.
Ու չհաւտացիր, թէ այդ սէրն իմս էր:

Հիմա տարիներ անցած են արդէն,
Բայց կ՛երթա՛մ նորէն մեր մայրիներուն,
Կերթա՛մ առանձին, չկաս հիմա դուն,
Մայրիներն ամէն նոյն երգը կերգե՛ն:

* * *


Երբեմն յանկարծ, երբ յիշեմ այսպէս,
Մայրիներու մեծ երեկոն խաղաղ,
Սիրտս կարիւնի՛ քու ցաւէն, գիտե՞ս,
Ու կը մտածեմ՝ իրա՞ւ էր թէ՝ խաղ...

Saturday, February 28, 2009

Quote of the Month - February

Ամէն Տեղ Հայ Կայ



Վահրամ Մավեան

Tuesday, January 20, 2009

Վահրամ Մավեան: Անվերնագիր

Ճակատներով զարնուած կեանքէն, արդեօք այն ատեն
Պիտի դառնա՞ք դուք ետեւ այս երջանիկ օրերուն,
Երբ լուսէ մեծ համերգին՝ որ պիտի կեանքն ըլլայ ձեր,
Անոնք կազմեն պիտի քաղցր մեղեդին կապտաւուն: