Showing posts with label Seta Krikorian. Show all posts
Showing posts with label Seta Krikorian. Show all posts

Tuesday, August 25, 2009

Սեդա Գրիգորեան։ ՍՐԱՐՇԱՒ

Սո՞ւրս է ելած արշաւի
թէ արշաւս է սրածայր
Արշաւասոյր այս կեանքին

Ուր օրերս չունին հաշիւ
Ոչ այսօրուան
Ոչ գալիքին

Բայց սուր մը կայ տեղ մը կախուած
Ճօճական
Չ-արշաւական

Սուրը մահուան հրեշտակիս

Monday, August 24, 2009

Սեդա Գրիգորեան։ ԳՈՅԱՐՄԱՏ

Գոյութիւնս է արմատաւոր
Պինդ ու ամուր

Դարերուն հետ հաշուի նստող
Երկայնամիտ

Գետնին տակէն նոր գետիններ յայտնաբերող
Տիեզերքին սրտին վազող

Տէրունական աղօթքին պէս քաղցր ու հեզիկ
Մարդեղէն գոյ-ն արմատիս


20 Մայիս 2009
Պէյրութ

This poem has appeared in PAKIN literary quarterly in 2009

Thursday, August 20, 2009

Սեդա Գրիգորեան։ ՈՐՈՆՈՒՄ

Ես քեզ փնտռեցի

Մաղուող անձրեւին կաթիլներուն մէջ
Նայուածքներուն մէջ լուռ անցորդներուն

Կապոյտին փռած վեհ հմայքին մէջ
Լոյսերուն մէջ սուրացող օթօներուն

Նիրհող քաղաքին մութ ստուերին մէջ
Խուլ աղմուկին մէջ Պըրկըր Քինկին

Երիտասարդ զոյգի համբոյրներուն մէջ
Վտիտ մոմին մէջ վառուած խորանին...

Ես քեզ գտայ իմ հոգիիս մէջ...

Wednesday, August 19, 2009

Սեդա Գրիգորեան։ ՄԵՆՈՒԹԻՒՆ

Սենեակս կը հեւայ ստուերիդ շունչով
Ու սարսուռներ կը զգենու հոգիս
Որ կը նուաղի
Առջի համբոյրիդ հեշտութիւնը սրսփալէն…
Կ’այրի մարմինս հպումներուդ պապակէն
Եւ կայլակներ ճակտիս վրայ կը կնճռոտի՜ն…
Կը մերկանա՜մ
Արիւնիդ ջերմութիւնը անրջելէն…
Պարապին մէջ
Ձեռքերս քեզ քանդակել կը տենչան
Բայց միջոցը կը փշրուի մատներուս ծայրին…
Երակներուս մէջ կը մսին կակաչնե՜ր…

Sunday, August 02, 2009

Սեդա Գրիգորեան։ ՆԱԽԵՐԳԱՆՔ

Click here for the audio clip read by Lola Koundakjian.

Քայլերուս տակ
Ձիւնը կը փոխակերպուի ցեխի
Ոտքերս -տե՛ս- մաքուր են
Բայց կօշիկներս իմս չեն
Անոնք օտարութիւնն են
Պէյրութէն Երեւան
Օքլանտ-Լոս Անճելըս-Թորոնթօ
Ներկայիս ալ կը թափառին Մոնթրէալի մէջ
Դեռ չաւարտած երգի մը պէս…

Կօշիկներս կը փոխեմ երկրէ երկիր
Բայց ոտքերս կը մնան նոյնը
Մաքուր ինչպէս հեքիաթային մեղեդի
Ուրկէ կը լսուի երգ մ’այլուրային
Մերթ իգութեամբ թաթաւուն
Մերթ ալ խրոխտ
Վիրաւոր
Գտնելու համար կայքն այն հին ու վեհ
Ուր հոգիները չեն սառիր երբեք…

***

Այսպէս կը քալեմ
Ու կը քալեմ ես
Ոտքերս մաքուր են
Բայց կօշիկներս իմս չեն
Անոնք շրջագիծն են թափառումներուս
Գիշերները
Անթափանց երազներուս
Որ մերթ կը փշրուին սալայատակին
Անմեղ մանկան արցունքին պէս
Մերթ ալ կը սեւեն խտութիւնը լոյսին
Կը ճռճռան
Կը հեւան
Չաղացքարի տակ ճմլուող
Կենսաբեր հատիկին նման…

***

Կօշիկներս իմս չեն
Բայց ոտքերս մաքուր են
Ու կը քալեմ դեռ
Հաւատքով անմեռ
Կոյսի հեզութեամբ
Լոյսը կը փնտռեմ քայլերուս ներքեւ
Արեւի բոցին ձեռքս կ’երկարեմ

Ճամբաս կ’որոնեմ
Վերէն թէ վարէն
Որ ուղղահայեաց մնայ հասակս
Երկնուղէշ ու ձիգ
Ինչպէս Լեառն Արի
Հասնելու համար կայքն այն նոր ու սէգ
Ուր հոգիները չեն հալիր երբեք…

Օգոստոս
Մոնթրէալ

Wednesday, July 22, 2009

Սեդա Գրիգորեան։ ՓՈԽԱԿԵՐՊՈՒՄ

Աշունը սենեակս բերի
Ու ոսկրացած ճիւղերն անոր
Արիւնիս ջերմին թաթխեցի
Տերեւներուն
Չոր ու ոսին
Գո՜յն փչեցի
Լո՜յս ցօղեցի
Եւ աշունը սենեակիս
Առաստաղէն կախեցի…

Աշունը ԳԱՐՈՒՆ հագաւ…

Sunday, September 30, 2007

Սեդա Գրիգորեան: ՓՈԽԱԿԵՐՊՈՒՄ

Աշունը սենեակս բերի
Ու ոսկրացած ճիւղերն անոր
Արիւնիս ջերմին թաթխեցի
Տերեւներուն
Չոր ու ոսին
Գո՜յն փչեցի
Լո՜յս ցօղեցի
Եւ աշունը սենեակիս
Առաստաղէն կախեցի...
Աշունը ԳԱՐՈՒՆ հագաւ...

Սեդա Գրիգորեան

Copyright Seta Krikorian. This poem was appeared in Asbarez, July 21, 2007 Page 12.

Wednesday, September 19, 2007

Սեդա Գրիգորեան: Նախերգանք

Քայլերուս տակ
Ձիւնը կը փոխակերպուի ցեխի
Ոտքերս - տե՝ս - մաքուր են
Բայց կօշիկներս իմս չեն
Անոնք օտարութիւնն են
Պէյրութէն Երեւան
Օքլանտ - Լոս Անճելըս - Թորոնթօ
Ներկայիս ալ կը թափառին Մոնթրէալի մէջ
Դեռ չաւարտած երգի մը պէս...

Կօշիկներս կը փոխեմ երկրէ երկիր
Բայց ոտքերս կը մնան նոյնը
Մաքուր ինչպէս հեքիաթային մեղեդի
Ուրկէ կը լսուի երգ մ՛այլուրային
Մերթ իգութեամբ թաթաւուն
Մերթ ալ խրոխտ
Վիրաւոր
Գտնելու համար կայքն այն հին ու վեհ
Ուր հոգիները չեն սառիր երբեք...

Այսպէս կը քալեմ
Ու կը քալեմ ես
Ոտքերս մաքուր են
Բայց կօշիկներս իմս չեն
Անոնք շրջագիծն են թափառումներուս
Գիշերները
Անթափանց երազներուս
Որ մերթ կը փշրուին սալայատակին
Անմեղ մանկան արցունքին պէս
Մերթ ալ կը սեւեն խտութիւնը լոյսին
Կը ճռճռան
Կը հեւան
Ջաղացքարի տակ ճմլուող
Կենսաբեր հատիկին նման ...


Կօշիկներս իմս չեն
Բայց ոտքերս մաքուր են
Ու կը քալեմ դեռ
Հաւատքով անմեռ
Կոյսի հեզութեամբ
Լոյսը կը փնտրեմ քայլերուս ներքեւ
Արեւի բոցին ձեռքս կ՛երկարեմ
Ճամբաս կ՛որոնեմ
Վերէն թէ վարէն
Որ ուղղահայեաց մնայ հասակս
Երկնուղէշ ու ձիգ
Ինչպէս Լեառն Արի
Հասնելու համար կայքն այն նոր ու սէգ
Ու՜ր հոգիները չեն հալիր երբէք...


Սեդա Գրիգորեան
Copyright Seta Krikorian. This poem was appeared in Asbarez, July 21, 2007 Page 11.