Sunday, August 02, 2009

Սեդա Գրիգորեան։ ՆԱԽԵՐԳԱՆՔ

Click here for the audio clip read by Lola Koundakjian.

Քայլերուս տակ
Ձիւնը կը փոխակերպուի ցեխի
Ոտքերս -տե՛ս- մաքուր են
Բայց կօշիկներս իմս չեն
Անոնք օտարութիւնն են
Պէյրութէն Երեւան
Օքլանտ-Լոս Անճելըս-Թորոնթօ
Ներկայիս ալ կը թափառին Մոնթրէալի մէջ
Դեռ չաւարտած երգի մը պէս…

Կօշիկներս կը փոխեմ երկրէ երկիր
Բայց ոտքերս կը մնան նոյնը
Մաքուր ինչպէս հեքիաթային մեղեդի
Ուրկէ կը լսուի երգ մ’այլուրային
Մերթ իգութեամբ թաթաւուն
Մերթ ալ խրոխտ
Վիրաւոր
Գտնելու համար կայքն այն հին ու վեհ
Ուր հոգիները չեն սառիր երբեք…

***

Այսպէս կը քալեմ
Ու կը քալեմ ես
Ոտքերս մաքուր են
Բայց կօշիկներս իմս չեն
Անոնք շրջագիծն են թափառումներուս
Գիշերները
Անթափանց երազներուս
Որ մերթ կը փշրուին սալայատակին
Անմեղ մանկան արցունքին պէս
Մերթ ալ կը սեւեն խտութիւնը լոյսին
Կը ճռճռան
Կը հեւան
Չաղացքարի տակ ճմլուող
Կենսաբեր հատիկին նման…

***

Կօշիկներս իմս չեն
Բայց ոտքերս մաքուր են
Ու կը քալեմ դեռ
Հաւատքով անմեռ
Կոյսի հեզութեամբ
Լոյսը կը փնտռեմ քայլերուս ներքեւ
Արեւի բոցին ձեռքս կ’երկարեմ

Ճամբաս կ’որոնեմ
Վերէն թէ վարէն
Որ ուղղահայեաց մնայ հասակս
Երկնուղէշ ու ձիգ
Ինչպէս Լեառն Արի
Հասնելու համար կայքն այն նոր ու սէգ
Ուր հոգիները չեն հալիր երբեք…

Օգոստոս
Մոնթրէալ

No comments: