Tuesday, August 18, 2009

Հովհաննէս Այանեան։ Ըղձանք

Եկո՛ւր, աղուոր,
Մեղաւոր
Սիրողներու կանթեղով
Գիշերն ընենք արշալոյս…։

Դո՛ւն իմ կեանքի
Արօտներուն մէջ բերրի,
Խրտնող եղնիկ մ՛ես վայրի,
Որուն լանջին, տե՛ս կ՛այրի
Կուրծքէս ինչպէս մորենի…։

Ուշ գիշերին՝
Շրթներուդ լայն ակօսին,
Բոցէ համբոյրը վերջին,
Դարձաւ գինին հեշտանքի
Սրտիս դատարկ կարասին…։

Եկո՛ւր, աղուոր,
Մեղաւոր
Սիրողներու բոցերով
Գիշերն ընենք արշալոյս…։


«Գարուն Ամրան Մէջ», Տպարան Սեւան, Պէյրութ 1975

No comments: