Sunday, August 16, 2009

Վահէ Օշական: Խօսք Բարի Գալուստի












Vahe Oshagan. Portrait by his son, Ara Oshagan, 1997




Click here for the audio segment of Vahe Oshagan's poem read by Lola Koundakjian.

Սեպուհ Օշականին

Բարի եկար համակարգիչ աշխարհի
լոյսին ջուրին շունչին հեւքին՝
որոնց շքեղ համատարած ու անհեթեթ հանդէսին
հիմա դուն ալ կը մասնակցիս
առանց երբեք հասկնալու
ոչ պատճառը ոչ արդիւնքը
ոչ այս վայրկեան ոչ ալ վերջը
երբ շուք ձգես մոլորակի երեսին։
Ու կը նայիմ
գոց աչքերուդ ու բերանիդ
Աստուած գիտէ պայուսակիդ խորերը
վտանգաւոր եւ արգիլուած ինչե՜ր կային
մաքսատունը երբ անցար ու սահմանը կտրեցիր,
միսի պզտիկ կոկիկ տոպրակ՝
բայց ի՜նչ գանց ես -
ուղեղիդ մէջ՝ մղեղներով բառի հունտեր
որ կը սպառնան աշխարհ քանդել ու շինել,
աչքիդ ետին՝ գոյնի գիծի արհեստավարժ քանի՜ վարպետ,
մտածումի մեծադղորդ նոփ-նոր անբիծ մեքենաներ,
գիտակցութեան հորդաներու քանի քանի զօրակայան,
խղճմտանքի անգութ բարի ըմբիշներու քանի՜ խումբ,
զգացումի խելառ տաք-գլուխ ու միամիտ ասպետներ,
մկաններուդ հանգոյցներուն՝
ի՜նչ մարզիչներ թեւեր սոթտեր կը սպասեն…։

Հիմա Սփիւռք ես -
օտարութեան աշխարհին մէջ
դուն ես միակ վաւերական օտարը,
ոչ նախագահ ոչ թագաւոր
ոչ անձնագիր դրոշմաթուղթ կամ դրամ
քու հայկական ինքնութեանդ երաշխաւոր պիտի ըլլան
բացի քեզմէ
եւ քու մէջդ ապաստանած ու յամեցող
յիշողութեան արուարձանը բնակող
գոռ գուրշի պէս հեռուներէն արձագանգող՝
պատգա՛մ մը,
քու պապերուդ ընկերներուդ լեզուով ըսուած
որ ամէն հայ իր սրտովը պիտի լսէ ու հասկնայ,
իր կեանքովը ապրեցնէ։

Փորձէ ճանչնալ ու սիրել, այդ Սփիւռքը,
ու ապրելի, ստեղծագործ դարձնել զայն
նոյնիսկ եթէ անտէր, անձեւ, անհրապոյր թուի ան։
Հիմա նաեւ Հայաստան ես -
սերունդներու դրօշարշաւին վերջին կայան,
օտարութեան, մինակութեան սպեղանի,
վերջիվերջոյ արտօնելի, շօշափելի հայրենիքդ
որուն արբշիռ երազովը, կարօտովը անթիւ սերունդ
կենաց ճնկեց, ճառ խօսեցաւ, պարեց, լացաւ։
Այսօր սակայն եղերախառն այդ հրճուանքէն
քեզի միայն սաքան ըսեմ -
հայ ըլլալը ճակատագիր է ու կոչում,
արուեստ մըն է։
Մնացեալը դուն կը գտնես
քու ծնողքէդ ու կեանքէն։

Բարի գալուստ կանդ կանթ թոռնիկ,
երկինքներէն նոր փայլ մը բերիր մայրամուտի լոյսերուն,
ընտանիքին արմէն ծլած թարմ բարունակ՝
ապրէ ազնիւ անունիդ պէս, արի, մաքուր
ու երջանիկ։

24 Ապրիլ 1999
Ռէտնըր

Vahe Oshagan 1922-2000

Ed: This poem was read on stage during the APP's Third anniversary celebrations, Spring 2009.

No comments: