Sunday, August 23, 2009

Հովհաննէս Այանեան։ Ըսէ՛, ի՞նչպէս

Click here for this week's audio clip read by Lola Koundakjian.


Ըսէ՛, ի՞նչպէս, սանձել ի՞նչպէս
Երակներուս արիւնը բոց.
Դիմացն աչքիս՝ բորբ արեւին,
Դու՛ն, իբր բագին արեւելքի,
Ուր աստուածներ՝ իջած ծունկի
Արդ կ՛արբենան հէտն աղօթքի
Շնորհներուդ սկիհէն շէն…։

Ըսէ՛, ի՞նչպէս, մարել ի՞նչպէս
Այս նոր սիրոյ հրդեհն անսանձ
Սրտէ ի սիրտ կամրջած մեզ,
Գեղեցկութեան ուռկան որպէս
Սիրոյ ափին մենք ողջակէզ։
Մահուան ակէն թէ իսկ խմենք…։

Ըսէ՛, ի՞նչպէս, քակել ի՞նչպէս
Ծրարն անգին սա հեքիաթին
Անել սիրոյ պատարագին
Պատարագիչ է մեր հոգին.
Կեանքի լոյսին՝ մեր սէրն ոսկի
Արբեցումի նշխարք բարի,
Ողկոյց հասուն, անխառն գինի…։

Մենք պատարագ, պատարագիչ,
Ողկոյց հասուն, անխառն գինի,
Սիրոյ հրթիռ անջրպետի,
Աստուածներու չար նախանձին
Մենք ողջակէզ մայր տաճարին.
Ըսէ՛, կանչել ի՞նչպէս
Յարալէզներ՝ այս խոր վէրքին…։



«Գարուն Ամրան Մէջ», Տպարան Սեւան, Պէյրութ 1975

No comments: