Մանուէլ Քէօսէեան։ Ցրօնք
Click here for the audio clip read by Lola Koundakjian.
Փողոցներուն մէջ մութ թէ լուսեղէն,
Մենք ամէն տեղ ենք, բացի մեր տեղէն։
Մեր ականջն՝ արար-աշխարհի ձայնին,
Կ՛երգենք ամէն երգ, բացի մեր երգէն։
Մեկնիչն ենք՝ հանուն վիշտ ու բաղձանաց,
Գիտենք լեզուներ, բացի մեր լեզուէն։
Ցեղական անմահ ոգին մեզի հետ,
Տուներ կը շինենք, բացի մեր տունէն։
Կ՛երթանք հովէ հով, կ՛երթանք բովէ բով,
Ծովէ ծով կ՛երթանք, բացի մեր ծովէն։
Ու այնպէս կ՛անցնինք դարձի, ետ դարձի
Ամէն ճամբայէ, բացի մեր ճամբէն։
Փողոցներուն մէջ մութ թէ լուսեղէն,
Մենք ամէն տեղ ենք, բացի մեր տեղէն։
Մանուէլ Քէօսէեան, ՇԱՂԱՒՕՏ, Մոնթրէալ 1989
No comments:
Post a Comment