ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ: Երկակենցաղ
գունատ մարմինով
յանձնուած ես ամպերուն:
յաւերժութեան զգացումը
ուղղութիւն չունի,
իսկ հաւատքը ափերուդ մէջ
կը փշրուի յամրօրէն...
Դժուար է հաւատալ մահուան
երբ առանց կասկածի,
իր հասակով չի բաւեր մահիճիդ մէջ...
Copyright Vahakn Karakachian. Used here by kind permission of the author.