ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ: Աստուածամօր Զինեալները
Սարսափներու լուացքէն ետք
աղօթքները արդուկուեցան.
հիմա տիրոջ պատշգամէն կախուած
լուռ-լուռ կը չորնան...
Փողոց ինկած սպիտակ աղօթքը
մանուկ մը գտաւ,
գլխուն փաթթելով
զինեալ օծուեցաւ...
Տարիներ ետք,
խաչին հսկելէ յոգնած
կռապաշտօրէն ծունկի եկաւ
Աստուածամօր դիմաց
ու ձեռքին սեղմած մահուան բառարանը
մատաղ ըրաւ
Մանուկ Յիսուսը
լոգանքէն չորցած,
ատաղձագործ դարձաւ,
գամեց խաչափայտը,
Գողգոթային համար պէտք պիտի ըլլար...
Copyright Vahakn Karakachian. Used here by kind permission of the author.
No comments:
Post a Comment