Wednesday, October 10, 2007

ԽԱՉԻԿ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ: ԵՐԲ ԹԷՔԷԵԱՆ ԿԸ ԿԱՐԴԱՍ

Երբ Թէքէեան կը կարդաս,
Կ՚ազատագրես տողերն կարծես
Թուղթի կալանքէն դաժան,
Եւ աչքերուդ կանաչին մէջ անսահման՝
Հոգեպարար այդ բառերն
Ի՜նչ նազանքով կը պարեն:

Երբ Թէքէեան կը կարդաս,
Լոյս շրթներուդ փեթակէն
Մեղրի նման կը հոսին
Վանկերն անուշ, ծաղկեբոյր,
Եւ ականջիս կը խօսին
Ներշնչումի հրաշքներէն հրաթոյր:

Երբ Թէքէեան կը կարդաս,
Զիս կը պահես կալանքին տակ
Հայրենաշունչ նայուածքիդ,
Եւ իմ լեզուս մշտաբարբառ
Մէկ խօսք կը գտնէ միայն՝
Աղուորն դուն ես յաւիտեան:

ԽԱՉԻԿ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ, Յուլիս 1999

Copyright Khatchig Mouradian. Used here by kind permission of the author.

No comments: