Showing posts with label Manuel Keusseyan. Show all posts
Showing posts with label Manuel Keusseyan. Show all posts

Sunday, August 09, 2009

Մանուէլ Քէօսէեան։ Ցրօնք

Click here for the audio clip read by Lola Koundakjian.


Փողոցներուն մէջ մութ թէ լուսեղէն,
Մենք ամէն տեղ ենք, բացի մեր տեղէն։

Մեր ականջն՝ արար-աշխարհի ձայնին,
Կ՛երգենք ամէն երգ, բացի մեր երգէն։

Մեկնիչն ենք՝ հանուն վիշտ ու բաղձանաց,
Գիտենք լեզուներ, բացի մեր լեզուէն։

Ցեղական անմահ ոգին մեզի հետ,
Տուներ կը շինենք, բացի մեր տունէն։

Կ՛երթանք հովէ հով, կ՛երթանք բովէ բով,
Ծովէ ծով կ՛երթանք, բացի մեր ծովէն։

Ու այնպէս կ՛անցնինք դարձի, ետ դարձի
Ամէն ճամբայէ, բացի մեր ճամբէն։

Փողոցներուն մէջ մութ թէ լուսեղէն,
Մենք ամէն տեղ ենք, բացի մեր տեղէն։


Մանուէլ Քէօսէեան, ՇԱՂԱՒՕՏ, Մոնթրէալ 1989

Monday, August 03, 2009

Մանուէլ Քէօսէեան։ Ներկա՛յ

Հովը փոթորկի,
Տարերքը գոռայ՝
Դուն հոն ես որդի հողի ու քարի։

Կայծակը զարնէ,
Կարկուտը տեղայ՝
Դուն հոն ես որդի ջուրի ու ծառի։

Յոյսին յանդիման՝
Երկինքը փուլ գայ՝
Դուն հոն ես որդի լեռի ու պարի։

Տուն, շէն ու աւան
Անապատանայ՝
Դուն հոն ես որդի ցանքի ու վարի։

Վէրքը ճենճերի,
Վիշտն աւելանայ՝
Դուն հոն ես որդի դեղի ու ճարի։

Թէ հայրենիքը
Հուր-գեհեն դառնայ՝
Դուն հոս ես որդի երգի ու բառի։

Երգս՝ երկիւղած
Համբոյր ու ընծայ՝
Մեծ Առօրեայիդ արդար ու արի։

27 Դեկտեմբեր 1988


Մանուէլ Քէօսէեան, ՇԱՂԱՒՕՏ, Մոնթրէալ 1989