Showing posts with label Sosy Mishoyan Dabbaghian. Show all posts
Showing posts with label Sosy Mishoyan Dabbaghian. Show all posts
Monday, January 15, 2018
Անձրեւը նոյնն է,
ընկալումը՝ տարբեր:
Յորդառատ անձրեւին տակ
ամեն կողմ թափթաց է:
Այդ անձրեւոտ երկնքին տակ,
մարդ կայ՝ թախիծով համակուած,
մարդ ալ կայ՝ հրճուանքով:
Այն մարդը, որ թախիծով կը համակուի՝
մռայլ տրամադրութեամբ կը պարուրուի,
անձեռնհաս ու անգործունեայ
կը սեղմուի իր պատեանին մէջ
եւ պայծառ օրերու յիշողութեամբ
ու կարօտի զգացումով,
անհամբեր կը սպասէ
վառ արեգակնային օրերուն:
Իսկ այն անձը, որ հրճուանք կ՚ապրի՝
ի տես անձրեւային ամպոտ երկնքին,
առանց կաշկանդումի կը շարունակէ իր ուղին,
որովհետեւ օրհնութիւն կը համարէ
երկինքէն տեղացող իւրաքանչիւր կաթիլ
եւ կը հաւատայ, թէ ՝
ի՜նչ ծիածան առանց անձրեւի…:
Անձրեւը իր կարգին կը շլմորի.
իրմէ արցո՞ւնք, թէ շնորհքն է որ կը ծորի…:
Sunday, January 14, 2018
ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ: ԵՐԿԻՐԸ ԵՐԿԻՐ (Չ)Է
«Դրամ չկայ»,
«Փող չկայ»,
«Էս՝ կեանք չի».
յետոյ ալ՝
«Էս երկիրը երկիր չի».
կրկնեցին
Հա կրկնեցին:
Գոց եղանք,
կշտացանք,
յագեցանք
նեղացանք
հիասթափեցանք.
—Օ՜ ուրեմն այն չէ, ինչ որ լսած էի,
այն չէ, ի՜նչով մեծցած էի…
խաբուա՞ծ էի…
Ամառ.
զբօսաշրջիկներ,
ծանօթներ՝
Հոսկէ-հոնկէ.
«Չկարծես որ մեր քովը դիւրին է»,
ըսաւ ֆրանսահայը.
«Գիշեր ցերեկ կ՚աշխատինք,
հազիւ հազ կը հասնինք»:
«Օ՜… ի՛նչ շուտ վերջացան զբօսաշրջիկութեան օրերս
Հիմա ետ պիտ՚ դառնանք մեր իշու կեանքին»,
ըսաւ ուրիշ սփիւռքահայ մը:
«Մենք ալ վարձք ունինք,
Տուն ունենալը այդքան ալ էական չէ, այլեւս»,
յորդորեց ուրիշ մը:
«Նիւթական դժուարութիւնը երբե՛ք պիտի չտկարացնէ ձեզ:
Նիւթական նեղ պայմաններու մէջ կը ծնին հանճարներ»,
զրոյցի ընթացքին ըսաւ այցի եկած սփիւռքահայ գրողը:
«Էս երկիրը երկիր չի»
Դեռ կը կրկնեն, հա՛ կը կրկնեն
ՉԵՄ ԼՍԵՐ.
կ՚ողջագուրեմ Զինք.
Ինք՝ հիւանդ.
Ես՝ անկար:
Posted by Armenian Poetry Project at 1/14/2018 07:00:00 AM 0 comments
Labels: Contemporary, Sosy Mishoyan Dabbaghian, Syria
Introducing Sosy Mishoyan Dabbaghian
Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան շրջանաւարտ եղած է Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանէն. աւարտած է Հալէպի պետական համալսարանի անգլերէն գրականութեան բաժանմունքը, աւարտած է նաեւ «Համազգային»ի հայագիտականի քառամեայ դասընթացքները: Եղած է հայերէնաւանդ ուսուցչուհի նախ Ազգ. Հայկազեան վարժարանի, ապա Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանին մէջ: Պատերազմին պատճառով կը գտնուի Հայաստան, ուր վերջերս Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան համալսարանէն Հայոց լեզուի եւ գրականութեան մագիստրոսական աստիճան ստացաւ:
Posted by Armenian Poetry Project at 1/14/2018 06:55:00 AM 0 comments
Labels: Contemporary, Sosy Mishoyan Dabbaghian, Syria
Subscribe to:
Posts (Atom)