Սիւզան Խարտալեան։ խնդրարկու խենթ
Հագուստներուդ հետ քնացայ
Պառկեցայ կուշտ
Սեռն սիրով
Իսկ դուն աշխարհի հեռաւոր մի անկիւնը
Ծնկաչոք կանանց
Պատերազմի արուեստը կը սորվեցնէիր
Հագուստներուդ հետ քնացայ այսօր
Իսկ դուն հանգիստ անվրդով
Մածունի նման սառը մարմնովդ
Առնի
Դանակի շեղբը կը մաքրես
Արիւնաթոր
Հագուստներուդ հետ քնացայ այս գիշեր
Պատերազմի հոտ կուտար
իսկ դուն հեռուն կը խնդայիր
Անյագուրդ
Ո՞ րու հոգեհանգիստն էր արդեօք
Հագուստներուդ հետ պիտի քնանամ
Ցանկութիւնս անզուսպ
Ահաբեկ պիտի անսամ ոտքերուդ տակ
ճզմուող կեանքերու կանչին
Ու պիտի խնդամ լալախառն
Մի հարցներ թէ ինչու
Սիւզան Խ.