ԱՆՈԻՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ: Հրանդ Տինքին
Բաց դռներդ լայն
Հղօր Եւրոպա,
Հայու արիւնով
Սնուող գազանին …
Թող ժանիքներն իր
Խրէ սրտիդ մէջ,
Թերեւս յայնժամ
Ապրիք ցաւը մեր,
Զգաք ցաւը մեր։
Գրկէ՛ սրտաբաց
Հայոց կոյսերուն
Արիւնով լոգցած՝
Անկուշտ հրէշին։
Ցեղասպանութիւն
Չէ՞ եղած երբէք.
Ու դեո կը ժխտեն…
Ցեղասպանութիւնն
Չէ՛ դադրած երբէք…
Քսան գարուններ
Դեո չբոլորած
Պատանի մը խեղճ,
Իր նախնիներուն
Չարութեամբ սնուած,
Իր անմարդկային
Արարքով խլեց
Նուիրուած կեանր մը,
Հայ արդար դատի
Պաշտպան մշակի։
Դեո չկշտացա՞ր
Մէկ ու կէս միլիոն
Թափած արիւնէդ...
Իսկ մենք անդադրում
Պիտի պայքարինք.
Պայքարը մեր սուրբ՝
Եղեր է սուրով,
Եղեր է խաչով,
Եղեր է գրչով…
Մէկ ու կէս միլիոնի
Թէ յանուն մէկի՝
Պայքար մինչեւ վերջ…
Արարքիդ համար,
Ո՜վ քաղաքակիրթ,
Քու սխալներով
Պիտի վճարես…
Ա՚յ դո՛ւ, անաստուած։
Այս բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է ՆՈՐ ՕՐ-ի մշակոյթային յաւելուածին մէջ, Փետրուար 2007։