ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ։ ԽՈՑՈՂ ԲԵՐԿՐԱՆՔ
Նորէն գիշերս
Անքուն անցուցի...
Եկած եմ քեզի...
Չեմ գիտեր ինչպէս
Հասած եմ դուռդ...
Զանգը չեմ խփած
Բայց սիրտս այնպէս
Ամուր կը զարնէ՝
Որ քեզի ծանօթ
Աղմուկէն ահա
Դուռդ կը բանաս...
Գիշերը ամբողջ
Անգիր ըրած եմ
Թէ ինչպէս պիտ ըսեմ:
Բայց պիտ չխօսիմ,
Իրականութիւնն
Դժուար է այնքան
Ու այնքան խոցող...
Որքան որ ժպտին
Աչքերս քեզի՝
Արցունքը պիտի
Կաթիլ առ կաթիլ
Սրտիս մէջ հոսի,
Անկեղծ արցունքը
Այս խոցող, դաժան
Իրականութեան...
Ապրիլ կեղծիքո՞վ...
Չսիրե՞լ քեզի...
Աստուծոյ տուած
Պարգեւը մերժե՞լ...
Ա՜խ, չէ՛, խոստացայ,
Չխօսիմ պիտի,
Ալ հարց պիտ չտամ,
Ինչո՞ւ... ինչպէ՞ս... ի՞նչ...
Իրականութիւնն
Դաժան չէ երբեք,
Քանզի միասին
Կը ժպտին կու լան
Երկուքիս սրտերն...
Ժպիտ ու արցունք՝
Սիրոյ ծնունդի
Անբաժան զոյգեր...
Ճիշդ այդպէս ալ մենք
Կապուած ենք իրար,
Լացող ժպիտով,
Ժպտուն արցունքով...
Մեր սրտերն կապող
Կամուրջը անտես,
Կամուրջը գաղտնի
Աստուած է հիւսեր
Թելով նարօտի,
Եւ օրհներ է զայն՝
Մեզ պարգեւելով
Այս հզօր սիրոյ
Բերկրանքը խոցող...
Անքուն անցուցի...
Եկած եմ քեզի...
Չեմ գիտեր ինչպէս
Հասած եմ դուռդ...
Զանգը չեմ խփած
Բայց սիրտս այնպէս
Ամուր կը զարնէ՝
Որ քեզի ծանօթ
Աղմուկէն ահա
Դուռդ կը բանաս...
Գիշերը ամբողջ
Անգիր ըրած եմ
Թէ ինչպէս պիտ ըսեմ:
Բայց պիտ չխօսիմ,
Իրականութիւնն
Դժուար է այնքան
Ու այնքան խոցող...
Որքան որ ժպտին
Աչքերս քեզի՝
Արցունքը պիտի
Կաթիլ առ կաթիլ
Սրտիս մէջ հոսի,
Անկեղծ արցունքը
Այս խոցող, դաժան
Իրականութեան...
Ապրիլ կեղծիքո՞վ...
Չսիրե՞լ քեզի...
Աստուծոյ տուած
Պարգեւը մերժե՞լ...
Ա՜խ, չէ՛, խոստացայ,
Չխօսիմ պիտի,
Ալ հարց պիտ չտամ,
Ինչո՞ւ... ինչպէ՞ս... ի՞նչ...
Իրականութիւնն
Դաժան չէ երբեք,
Քանզի միասին
Կը ժպտին կու լան
Երկուքիս սրտերն...
Ժպիտ ու արցունք՝
Սիրոյ ծնունդի
Անբաժան զոյգեր...
Ճիշդ այդպէս ալ մենք
Կապուած ենք իրար,
Լացող ժպիտով,
Ժպտուն արցունքով...
Մեր սրտերն կապող
Կամուրջը անտես,
Կամուրջը գաղտնի
Աստուած է հիւսեր
Թելով նարօտի,
Եւ օրհներ է զայն՝
Մեզ պարգեւելով
Այս հզօր սիրոյ
Բերկրանքը խոցող...
1 comment:
Սիրելի Լօլա, իմ ջերմ եւ յարգանօք բարեւները՝
Ուղերձ Անուշ Նագգաշեանի ՛ Խոցող Բերկրանք՝ Բանաստեղծութեան
Գիշերին մէջ անքուն ու անկաշկանդ կը շրջիք ձեր մտային թեւերով, դուք կ՝առաջնորդուիք, ձեր տեղափոխումի վերջաւորութեան կը հասնիք ձեր նպատակակէտին: Ձեր ներաշխարհին մէջ
կ՝ զգաք, որ ձեր սիրտը իրեն համար ուժգին կը զարնէ. Հետեւաբար, ըստ սովորականին ձեր ներկայութեան զգայուն շատ ծանօթ անձը՝ զարմանալիօրէն կը բանայ իր դուռը:
Տեսարանը՝ աննախընթաց իսկ վայրկանը՝ կը գերազանցէ երեւակայութիւնը, հանգոյն ընթերցողը ուշագրաւ կը հետեւի ձեզ, իրեն զգալ կու տաք ձեր ապրումները, օգտագործուած ամէն մի բառ թռիչքային արագութեամբ կախարդական ոյժ մը կ՝ստանայ:
՛ Ըսեմ թէ՝ ի, եւ ՛չխօսիմ՝ի միջեւ, դուք կը գրեք, թէեւ անվարան համոզուած եք որ իրականութիւնը՝ անդրժելի բան է, մանաւանդ սիրոյ անկեղծութիւնը: Բարեբախտաբար բանաստեղծութիւնը ձեր ներաշխարհի ապրումներու դրսեւորման եւ նաեւ խոստովանութեան միջոց կը հանդիսանայ: Ինչուներու եւ դիւրիմաց զգացողութեան տեղ չէք տուած, քանի որ կայ խոցող իրականութիւն մը, Աստուածային պարգեւ մը, պարկեշտութին եւ հաւաստիացում ձեր տողերու մէջ, ինչպէս դուք ընտրած եք այս բանաստեղծութեան խորագիրը անուանելով ՛ Խոցող Բերկրանք՝ , ան է ձեր ուղեցոյցը՝ այս բանաստեղծութեան բոլոր ընթացքին մէջ նրբութեամբ
մշակած եք զայն:
՛ Այս հզօր սիրոյ Բերկրանքը խոցող ...՝ ձեր բանաստեղծութեան եզրափակիչ վերջին տողերու վրայ կուզէի անդրադառնալ, ունիք իմաստաւոր խօսք, սրտաբուխ արտայայտութիւն եւ բանաստեղծական ոգի, ձեզ կը մաղթեմ շարունակել ստեղծագործել եւ նաեւ իմանալ ձեր գրութիւններու մասին եթէ ունիք: Սիրեցի ձեր բանաստեղծութիւնը:
Յովհաննէս Ասպետ Ասատուրեան
Post a Comment