Monday, August 23, 2010

Յակոբ Ճէլալեան: Տխուր Վալս

Իրանդ բաղեղ՝
Որ կը պլլըւի
Մարմնիս ծարաւի:

Ձեռքերդ աղեղ՝
Որ կը պարուրեն
Կեանքս համօրէն:

Համբոյրդ հիւթեղ՝
Տրուած դառն ու հեշտ
Որպէս հրաժեշտ:

Լռութիւնն ահեղ՝
Երգն է կարապին
Ցաւը քարափին:

No comments: