Monday, August 16, 2010

Յովհաննէս Ասպետ Ասատուրեան: ԱՐԵՒՄԱՐՔԻՆ

Ձօնուած Ժօաննային



Իրիկուան թոյլ ձայներուն,
Հեծեծմունքը կը լսեմ.
Արեւմարքի շողերուն,
Բոցավառ հուրքերը կ՝ըմպեմ:

Թռչուններու օրօրուն,
Խոնչ սիրերգը խօլագին,
Իրիկուան մէջ կիսափաղփուն,
Երբոր հանդարտ աւարտին:

Բոցահեր սիրավառ կոյսին,
Հծծիւնները կ՝ըմբոշխեմ,
Անոր հոգին մտերիմ
Կը պագնէ յոյսերս վերջին:

Ու հայելիէ գետակին,
Մակերեսին վրայ յստակ,
Զոյգ մը սագեր սպիտակ,
Հպարտօրէն կը յածին:

Արեւմարքին մէջ արփաւոր,
Բոյր ծաղիկներ երերուն,
Անզօր կը խամրին գլխիկոր,
Երազելով լոյս այգուն:

Ու հսկայ ծառեր անդին,
Իրիկուան ջուրերուն մէջէն,
Յուշիկ մեկնող արեւին,
Վերջին ցոլքերը կը ծծեն:


Յովհաննէս Ասպետ Ասատուրեան:Սոյն բանաստեղծութիւնը քաղուած է ՛ Սիրոյ Քնար՝ի էջերէն.

No comments: